Հարցազրոյց Մեսրոպեան Կրթական Հաստատութեան Եւ Արուեստից Կեդրոնի Տնօրէն` Կրէկուար Գալուստին Հետ
Հարց.- Պրն. Տնօրէն քանի՞ տարի է որ այս ուսումնական հաստատութիւնը կը վարէք եւ ինչպիսին են այն նուաճումները,
որոնց հասաք մանաւանդ որ մինչ հայկական նոյնանման հաստատութիւնները նահանջ կ՛ արձանագրեն, ապա եւ ձեր մօտ աշակերտներու աճ տեղի կ՛ ունենայ:
Պատ.- Նախ բարի եկած էք մեր մօտ: 1996-էն սկսած եմ տնօրինել Մեսրոպեան արուեստից վարժարանը: 2001-էն մինչեւ այսօր, նաեւ զոյգ վարժարաններ` Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ Արուեստից վարժարանը կը տնօրինեմ: Յաճախ լսած եմ այս հարցումը թէ ինչո՞ւ Մեսրոպեան վարժարանը նուաճում կ՛արձանագրէ, մինչ լիբանանեան կրթական մարզը նահանջի մէջ է:
Համոզուած եւ հաւատացած եմ, թէ որեւէ գործի մէջ, ոեւէ ղեկավարն ու պատասխանատուն, մանաւանդ մեր կրթական մարզին մէջ` պէտք է սիրահարուի իր առաքելութեան: Երբ կը սիրես, համոզուած ես եւ միայն աշխատավարձի համար չէ որ կը գործես, այլեւ ազգային գործունէութիւն է ամբողջական իմաստով: Մեսրոպեան հաստատութիւնը 70 տարուան կեանք ունի: Հիմնադրութեան օրերէն ի վեր իրերայաջորդ տնօրէններ ունեցած է, նուիրեալներ, կրթական գործիչներ եւ իւրաքանչիւրը այս հաստատութեան մէջ ունեցած է իր բաժինը:
Բնականաբար հիմնադրութեան օրերուն, 1939-ին, Հայր Պօղոս Պզտիկեան, Հայր Պօղոս Արիս, այս հեծանիւով նուիրեալները, թիթեղաշէն դպրոց կառուցած են, բայց հաւատացած են իրենց առաքելութեան: Տարիներու ընթացքին, հայր Մեսրոպ Ճուռեան հեռատես վարդապետը, իր օրերուն այս վարժարանը բարձրացուցած է երկրորդական մակարդակի: Իրմէ առաջ, այսօրուան մեր Կաթողիկոսը, Տէր Գրիգոր Կապրոյեան, որուն աշակերտները կը վկայեն թէ ինչպիսի խստապահանջ տնօրէն մը եղած է եւ իր օրերէն, քրիստոնէական հայ կաթողիկէ դաստիարակութիւնը, շունչը փոխանցած է: Այսպէս, սերունդէ սերունդ յաջորդաբար: Ճուռեանի յաջորդը, Գէորգ Եղիայեան վար դապետը, 80-ական թ.թ. պատերազմի օրերուն, բարձրագոյն վարժարանի կողքին հիմնած է արուեստից վարժարան մը, որ այս համեստ Պուրճ Համուտին մէջ պէտք է, ժողովուրդին տալու համար լաւագոյն կրթութիւնը եւ բառիս բուն իմաստով, զայն վերածած է հաստատութեան մը: Համեստս ընթացայ իրենց հետքերով, հաւատացած ու սիրած եմ կրթական առաքելութիւնը, որ եկեղեցւոյ կողքին դպրոցով է որ կրնանք ապրիլ: Աշխատանքը մէկ հոգիով չէ որ կ՛ըլլայ: Այստեղ կայ հաւաքական աշխատանք, մասնագիտութիւն, հաւատք, համոզում: Թէ ինչո՞ւ այս հաստատութիւնը յարատեւ այսպէս նուաճումներ կ՚արձանագրէ:
Այսօր մենք ունինք 1200 աշակերտ եւ Պուրճ Համուտի այս դժուարին պայմաններուն մէջ դիւրին չէ: Բայց մենք համոզուած ենք մեր առաքելութեան:
Հարց.- Հայ Կաթողիկէ համայնքը ըլլալով համեմատաբար փոքրաթիւ, սկսած Մխիթար Աբբահօր օրերէն, բազմաթիւ երկիրներու մէջ ունեցած է բազմաթիւ հաստատութիւններ, մեծանուն դէմքեր, որոնք միշտ կանգնած են Կիլիկիոյ եւ Սփիւռքի հայութեան, Մայր Հայրենիքի կողքին: Այսօրուան փոթորկայոյզ աշխարհին մէջ ինչպէ՞ս կը տեսնէք ձեր դերը:
Պատ.-Ինչպէս նշեցիք, աւելի քան 265 տարուան վերածնած հայ կաթողիկէ նուիրապետութիւնը, ունեցած է եւ պիտի ունենայ իր ազդեցիկ դերակատարութիւնը հայութեան պատմութեան մէջ: Այո, փոքրաթիւ ենք, սակայն ասով հանդերձ, չի համեմատուիր իրագործուած նուաճումներուն հետ:
Մեր անքակտելի կապը Հռոմի ընդհանրական եկեղեցւոյ հետ, պարտական ենք մեր Ազգին շնորհելու այն ինչ որ արժանի է: Վերջին խօսուն օրինակը, այն ինչ որ տեղի ունեցաւ 12 Ապրիլ 2015թ.-ին: Սրբազան Քահանայապետը Սբ. Պետրոսի Մայր տաճարէն` համայն աշխարհին առջեւ` Ցեղասպանութիւն բառը արտասանեց: Գաղտնիք մը չեմ յայտներ թէ լուսահոգի Ներսէս-Պետրոս Հայրապետին տգնաջան աշխատանքին արդիւնքն էր այն ինչին որ հասանք: Մենք աշխատեցանք համայն հայութեան համար:
Այսօր մեր ուսանողութեան 65-էն 70 առ հարիւրը հայ Առաքելական համայնքի զաւակներն են: Մեր հաստատութեան մէջ չունինք խտրութիւն: Ժամանակն է որ գործենք որպէս միասնական, մէկ ու հզօր հայութիւն: 12 Ապրիլ 2015-ի պատգամը ա՛յս էր: Հատուածային տատատումներէն դուրս գալ: Ես որպէս հայ կաթողիկէ, միւսները հայ Առաքելական կան Աւետարանական, մտածեն իրենց նպաստը բերելու մեր ազգին հզօրացման: Հայ կաթողիկէ համայնքին վերջին կարեւոր նպաստը մշակոյթի, կրթական, հոգեւոր, հայրենասիրական ծիրին մէջ, որպէս հպարտութիւն եւ ճոխութիւն:
Պէտք է դաստիարակենք մեր գալիք սերունդները որ ըլլան լայնախոհ, տոգորուած հոգեւոր, ազգային եւ մարդկային սկըզբունքներով:
Հարց.- Մենք պիտի թեւակոխենք 2016թ.-ը, ի՞նչ են ձեր խորհուրդն ու պատգամը հայ կրթական մշակներուն:
Պատ.- 2016թ.- շուտով կը մօտենայ, իւրաքանչիւր անհատի համար նոր էջ մը կը բացուի իր կեանքի պատմութեան մէջ, սակայն նոր մարտահրաւէրներու դարպաս մը եւս կը յայտնուի: Հայ ուսանողին եւ աշակերտին փոխանցելիք խորհուրդս է խորապէս գիտակցիլ գիտութեան հրամայականին: Դար մը կ՛ապրինք, ուր գիտութիւնը, ուսումը հզօր զէնք մըն է եւ որպէս հայեր պէտք է զատորոշուինք սովորական քաղաքացիէն: Իւրաքանչիւրը պիտի գործէ բարձրագոյն վկայականներով, բոլոր բնագաւառներուն մէջ, որպէս հայ պահանջատիրութեան պաշտպաններ: Մենք պէտք ունինք գիտութեամբ եւ զարգացումով հարուստ տարրերու: Միայն դպրոցն ու համալսարանը չէ՛ որ միայն կ՛եզրափակէ ամէն ինչ, այլեւ «թեքնոլոժի»ի հսկայական զարգացումներէ օգտուիլը, ծով գիտութեամբ ու տեղեկութեամբ լեցուն ովկիանոսին մէջ:
Միշտ ձգտիլ բարձրագոյնին, որպէս փայլուն, երեւելի հայեր: Ինչպէս 2016թ.-ին այնպէս ալ յետագայ տարիներուն:
Հարցազրոյցը վարեց` ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ
araraddaily.com