Հայերը Եւրոպացի Են. ԵՄ Դեսպանը Կը Ցանկայ Հայաստանի Մէջ Աւելի Շատ ԵՄ Դրօշներ Տեսնել

Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փեոտր Սուիտալսկին կը կարծէ, որ պէտք է ՀՀ­-ի մէջ ԵՄ ծրագիրներու տեսանելիութեան մակարդակը բարձրացնել:

Անոր գնահատականով` ընթացիկ տարուան Հայաստան-­ԵՄ համագործակցութեան ծիրէն ներս  15 միլիոն եւրոյի ծրագիրներու իրականացումը լուրջ ներդրում է: «Վրաստանը, որ Հայաստանէն իր չափերով մեծ է եւ Ասոցացման համաձայնագիրի մաս է, կը ստանայ 100 մլն եւրօ: Իսկ ինչ կ’ընեն մեր կողմէն տրուող գումարները. ատոնք կը ծախսուին Հայաստանի մէջ իրականացուող ծրագիրներու վրայ: Մեր ներդրումները բաւական բազմազան են` կոշտ աղբի վերամշակման, ջուրի մաքրման, դատարաններու համար նոր շինութիւններու կառուցման աշխատանքներէն մինչեւ մարդու իրաւունքներու պաշտանութեան ամրապնդման ծրագիրներ: Ֆինասնական մեծ փաթեթ կը ներդրուի արդարադատութեան բարեփոխումներու, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար»,-­«Արմէնփրէս»­-ի փոխանցմամբ` ըսաւ Փեոտր Սուիտալսկին:

ԵՄ դեսպանը աւելցուց, որ իրենց աշխատանքը աւելի շատ գնահատման կարիք ունի, ատոնք աւելի մեծ տեսանելիութեան արժանի են: «Ես կ’ուզէի աւելի շատ ԵՄ դրօշներ տեսնել Հայաստանի մէջ, ատիկա նաեւ ձեր դրօշն է: Սա այն դրօշն է, որ Եւրոմիութիւնը կը կիսէ Եւրոպայի խորհուրդին հետ, իսկ Հայաստան ԵԽ­-ի անդամ է: Դուք ունիք ձեր շատ լուրջ եւրոպական հաւաստագիր, մի վախնաք ցոյց տալու, որ դուք եւրոպացի էք»,-­եզրափակեց Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավարը:

Scroll Up