Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Օծման 52-ամեակի Ճաշկերոյթ

ԷՆՍԻՆՕ.- Շաբաթ, Նոյեմբեր 7, 2015ի երեկոյեան, Ֆերահեան Ազգ. վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ նշուեցաւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ օծման 52րդ տարեդարձը, հովանաւորութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանի, ինչպէս նաեւ հոգաբարձութեան, տիկնանց օժանդակ մարմինին եւ 52ամեակի յանձնախումբին։

Ձեռնարկին ներկայ էր Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ Վահրիճ Փիլաւճեան, ՀՅԴ «Ռոստոմ» եւ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէներու եւ ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներ ու «Ֆերահեան»ի փոխտնօրէն Վարդգէս Նալպանտեան, որոնք եկած էին միասնաբար տօնելու եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 52րդ տարեդարձը։

Ձեռնարկի պաշտօնական բաժինը սկսաւ շրջանի ՀՄԸՄ «Մասիս» մասնաճիւղի սկաուտներուն կողմէ դրօշակի արարողութեամբ, որուն յաջորդեցին Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգները, կատարողութեամբ Թուխման Խաչատուրեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Կոմիտաս Քէշիշեանի։

Հանդիսավար Կրեկ Մարթայեան բացման խօսքը արտասանեց՝ գնահատելով եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործող մարմիններու երիտասարդացման գործընթացը, որուն վկաներն են կիրակնօրեայի աշակերտները եւ դպրաց դասին մաս կազմած պատանիներն ու երիտասարդները, որոնք ամէն Կիրակի կը շտապեն եկեղեցի, Աստուծոյ տան ծառայութեան համար։

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան, որ սեղանօրհնէքէն ետք փոխանցեց իր սրտի խօսքը։ Ան ջերմագին զգացումներով ողջունեց ներկաները, որ հաւատալով եկեղեցւոյ առաքելութեան՝ միասնաբար համախմբուած էին տօնելու եկեղեցւոյ օծման տարեդարձը, ինչպէս նաեւ գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք իրենց նուիրատուութեամբ սատարած էին ձեռնարկի յաջողութեան։ Ան իր խօսքը շարունակելով ըսաւ.

«Պատմութեան անցած 52 տարիներուն ընթացքին, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին իր օրհնաբեր ծառայութիւնը բերած է Սան Ֆերնանտօ հովիտի գաղութին։ Ան մօր նման իր թեւերուն տակ պահած է բոլորը, բայց մանաւանդ՝ նոր սերունդը, որպէսզի չհեռանայ իր պապերու Ս. հաւատքէն։ Մենք երախտագիտութեամբ կը յիշենք եկեղեցւոյ շուրջ բոլորուած անցեալի բոլոր նուիրեալները, անոնց կատարած աշխատանքը եւ ունեցած բարոյական թէ նիւթական ներդրումը։ Թող օրհնեալ ըլլայ անոնց յիշատակը։

Իսկ այսօր, դարձեալ օրհնեալ ըլլան բոլոր անոնք, որոնք մեծ զոհողութեամբ ու նուիրումով կանգուն ու պայծառ կը պահեն մեր հաւատքի միջնաբերդ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին, ի փառս Աստուծոյ ու հայ ժողովուրդին։

52 տարիներ առաջ, եկեղեցւոյս հիմնադիր եւ եկեղեցին կանգուն պահող սերունդներու ներկայացուցիչն է այսօրուան ձեռնարկի մեր հիւրընկալը՝ Սիրուն եւ Հայկ Ռշտունի, որոնք 100,000 տոլարի իշխանական նուիրատուութիւն մը կատարելով՝ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 52րդ ամեակը դարձուցին յիշատակելի, դարձուցին փառայեղ։ Ռշտունիներու անուան շաղկապուած պիտի մնայ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ 52րդ ամեակը, որպէս եկեղեցւոյ հիմնական նորոգութեան տարի։ Մեր եկեղեցին անուանուած ըլլալով մեր բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին եւ շնորհիւ մեր հիւրընկալ ամոլին առատաձեռն նուիրատուութեան՝ կարելի եղաւ Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով մեր եկեղեցւոյ նորոգութիւնը իրականացնել, որպէս կտակ մեր նահատակներուն»։

Ապա Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց Մայք Սմբատեանին՝ եկեղեցւոյ շինարարութեան ֆոնտին իր կատարած նուիրատուութեան համար, ինչպէս նաեւ հոգաբարձութեան ատենապետ Լեւոն Արապեանին եւ կնոջը՝ Մարի Արապեանին, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ աշխատանքները իրենց առօրեային մէկ մասը դարձնելու կողքին՝ իրենց ծնողաց Արապեան եւ Թալաթինեան ընտանիքներու յիշատակին եկեղեցւոյս կատարուած իրենց նուիրատուութեան համար։

Տէր հօր խօսքէն ետք, հանդիսավարը հրաւիրեց հոգաբարձութեան ատենապետ Լեւոն Արապեանը, որ իր բարի գալուստի խօսքը փոխանցելով՝ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր, որ իր հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ յաւելեալ փայլք մը տուաւ երեկոյին, ապա յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանին, որ հոգաբարձութեան ծրագիրներուն միշտ զօրավիգ ըլլալու կողքին, իր անուրանալի բաժինը բերած է եկեղեցւոյ նորոգութեան նուիրահաւաքի աշխատանքներուն, որպէսզի անոնք ըլլան կատարեալ ու ամբողջական։

«Մեզի կը մնայ բարձրաձայն ըսել՝ վարձքդ կատար, սիրելի՛ տէր հայր։ Ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն բոլոր ազնիւ նուիրատուներուն, որոնք միշտ պատրաստ են իրենց լուման ձգելու եկեղեցւոյ պայծառացման գանձանակին մէջ», ըսաւ ատենապետ Արապեան։ Նախքան իր խօսքի աւարտը, Լ. Արապեան հոգաբարձութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ «Ռոստոմ» եւ «Ա. Շիրակեան» կոմիտէներուն եւ ուղեկից միութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ ազգային երեսփոխաններուն, դպրաց դասին, կիրակնօրեային եւ տիկնանց օժանդակ մարմինին, որոնք միշտ զօրավիգ են հոգաբարձութեան եւ իրենց նուիրական ծառայութեամբ աշխատանքները կը դարձնեն նպատակասլաց։

Հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, որպէսզի իր պատգամը փոխանցէ։ Սրբազան հայրը ներկաները ողջունելէ ետք ըսաւ.

«Ամենայն Սրբոց տօնին առիթով, տարիներ առաջ մենք մեր եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը հաստատեցինք ի յիշատակ մեր հին նահատակներուն, յայտնի կամ անյայտ, ծանօթ կամ անծանօթ, իսկ տօնը կը զուգադիպի Նոյեմբեր ամսուան առաջին շաբաթավերջին։ Այս տարի պատմական հանգրուան է բոլորիս համար. մեր Ցեղասպանութեան 100ամեակի տարին է, եւ աշխարհով մէկ յիշեցինք մեր նահատակները, պահանջեցինք մեր իրաւունքները եւ այդ բոլորով ոչ միայն աշխարհին լսելի դարձուցինք մեր ժողովուրդին, մեր ցեղին ձայնը, այլ յատկապէս նոր սերունդի զաւակները իրազեկ դարձան անոր մասին. վկան՝ այն քայլարշաւը, որուն մեր ժողովուրդի զաւակները մասնակից դարձան։

Բայց այս բոլորը ի՞նչ նպատակ ունին։

Ցեղասպանութիւնը 100 տարիներ առաջ գործադրուեցաւ մեր ժողովուրդին դէմ. թշնամին ուզեց բնաջնջել մեզ. սակայն յաջողեցա՞ւ… ո՛չ, երբե՛ք։ Ճիշդ այնպէս, ինչպէս քրիստոնեայ հաւատքի թշնամիները փորձեցին խեղդել լոյս հաւատքը եւ չյաջողեցան, որովհետեւ Յիսուս իր յարութեամբ բոլորիս կեանք պարգեւեց. մեր ժողովուրդն ալ յարութիւն առաւ, որովհետեւ թուրքը չյաջողեցաւ բնաջնջել մեզ, եւ մենք յաղթական դուրս եկանք՝ իբրեւ յարուցեալ ժողովուրդ, իբրեւ յարութեան հաւատացող ժողովուրդ. եւ ահաւասիկ, մենք այսօր այստեղ ենք, մեր կանգուն եկեղեցիներով, մեր կանգուն ազգային հաստատութիւններով եւ մեր ազատ եւ անկախ Հայաստանով ու Արցախով։

Ճիշդ է, որ այս բոլորը մեզի հոգեկան գոհունակութիւն կու տան եւ ուրախութիւն կը պատճառեն, սակայն մենք տակաւին ընելիքներ ունինք, եւ վստահ եմ, որ մենք մեր նպատակներուն կը հասնինք այն ատեն, երբ մեր հայրերուն հաւատքով եւ հայրենասիրութեամբ կ՛առաջնորդուինք։

Յատկապէս 100ամեակի այս տարուան առիթով, երբ մեր բոլոր նահատակները սրբադասուեցան, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ անունին վրայ նոր աւանդ մը աւելցաւ. անիկա ոչ միայն անցեալի սուրբերուն եւ նահատակներուն եկեղեցին է այլեւս, այլ նաեւ մեր բիւրաւոր եւ 1.5 միլիոն նահատակներուն անունով կանգուն եւ հաստատուն եկեղեցի է։

Ահաւասիկ այս յաղթական հաւատքով եւ յարութեան շունչով ու յոյսով կ՛ուզեմ ողջունել ձեզ՝ բոլորդ, եւ ձեր հոգեւոր հովիւը՝ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանը։ Ինչպէս հոգաբարձութեան ատենապետը յիշեցուց, տէր հայրը վերջին երկու տարիներուն եկեղեցւոյ բարեզարդման համար անկարելին կարելի դարձնելու չափ աշխատանքը իր լրումին հասցուց, եւ եկեղեցւոյ նորոգութիւնը պսակուեցաւ յաջողութեամբ։ Վարձքդ կատար, սիրելի՛ տէր հայր։

Նաեւ, նկատի առած, որ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 52րդ տարեդարձը կը զուգադիպի եկեղեցւոյ բարեզարդման, որ միաժամանակ պտղաբերում է, կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել մեր ազնիւ նուիրատուներուն, մեր բոլոր նուիրեալ հոգաբարձուներուն, երեսփոխաններուն եւ ծխական համայնքի մեծ ընտանիքին, որովհետեւ բոլորդ ալ եկեղեցւոյ բարեզարդման ծրագիրը յաջողութեամբ պսակուելուն մէջ ձեր արժանի դերակատարութիւնը ունեցաք։ Օրհնեա՛լ ըլլաք բոլորդ։ Յատուկ շնորհակալութիւն՝ օրուան գլխաւոր նուիրատուին՝ Սիրուն եւ Հայկ Ռշտունիին, որոնք ընդառաջելով հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան՝ իրենց նուիրատուութեամբ գնահատեցին անոնց նուիրեալ ծառայութիւնը։

Սիրելիներ, եկէք անգամ մը եւս եկեղեցւոյ 52րդ տարեդարձին առիթով եւ Ցեղասպանութեան 100ամեակի ուխտով վերանորոգուած՝ յաղթական ոգիով առաջնորդուինք, շէն ու պայծառ պահենք մեր եկեղեցին, մեր ազգային կազմակերպութիւնները եւ յանուն հայրենեաց, յանուն հայութեան եւ յանուն մեր հաւատքին՝ մի՛շտ յառաջ երթանք»։

Սրբազան հօր պատգամէն ետք բեմ բարձրացաւ ձեռնարկի հիւրընկալ տիկին Սիրան Ռշտունին, իսկ հոգեւոր հովիւն ու ատենապետը, յանուն հոգաբարձութեան, անոր փոխանցեցին յուշանուէր մը եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդին կողմէ գնահատագիր մը, առ ի գնահատանք իր կատարած իշխանական նուիրատուութեան։

Ապա ներկաները վայելեցին համադամ աղանդերներն ու ճաշերը. նաեւ տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, որուն գլխաւոր նուէրն էր 1 oz. ձոյլ ոսկի՝ նուիրուած տէր եւ տիկին Ժան ու տէր եւ տիկին Կրեկ Մարթայեաններուն կողմէ։

Երեկոն խանդավառեց Ժոզէֆ Գրիգորեան՝ իր նուագախումբով. ուրախ մթնոլորտի մը մէջ անգամ մը եւս տեղի ունեցաւ նուիրահաւաք՝ եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։ Այս առիթով, հովիւն ու հոգաբարձութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնեն տէր եւ տիկին Օսկօ եւ Երան Կիրակոսեաններուն, որոնք միշտ զօրավիգ են մեր եկեղեցանուէր աշխատանքներուն եւ 52րդ ամեակին առիթով, ինքնաբուխ նուիրատուութեամբ անգամ մը եւս իրենց արդար վաստակէն բաժին հանեցին Աստուծոյ տան պայծառացման համար։ Բիւր շնորհակալութիւն նաեւ բոլոր ազնիւ նուիրատուներուն, որոնք 100ամեակին առիթով Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ իրենց հետքը թողուցին, որպէս փարոս յառաջիկայ սերունդներուն:

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up