«Մեծ Ոգեւորութեամբ Եւ Սրտի Թրթիռով Վերադարձած Եմ Տուն». Սիպիլ

Նիւ Ճըրսիի մէջ կայացած ՀՀ վաստակաւոր արուեստագիտուհի Նունէ Եսայեանի եւ պոլսահայ սիրուած երգչուհի Սիպիլի «Կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք» խորագիրով համերգի արձագանքները կը շարունակուին: Այս անգամ «Հայերն այսօրի» հետ իր տպաւորութիւններով կիսուած է սիրուած երգչուհի Սիպիլը.
«Նիւ Եորքի Bergen Performing Arts Center-ին մէջ հազարէ աւելի հանդիսատեսի ներկայութեամբ կայացած համերգը շատ ջերմ եւ լաւ մթնոլորտի մէջ անցաւ, որուն առանձնայատուկ փայլ հաղորդեցին Համազգայինի Արեգա երգչախումբը եւ Նայիրի պարախումբը: Իսկ հանդիսատեսը իր ջերմ ծափողջոյններով եւ շնորհաւորանքներով ուրախացուց զիս: 2012 թուականին ԱՄՆ-ի մէջ ելոյթ ունեցած էի` CARS յանձնախումբի կազմակերպմամբ: Երեք տարի անց Համազգայինի կողմէ ստացած այս առաջարկը մեծ երջանկութիւն պարգեւեց ինծի»
Երեկոյին ընթացքին Սիպիլի կատարմամբ հնչած են «Սիպիլ» եւ «Սէր» ալպոմներէն ընտրուած երգեր, ինչպէս նաեւ հայրենասիրական քանի մը կատարումներ:
Համերգին յաջորդող օրերուն Սիպիլ եւ Նունէ Եսայեան շարք մը հանդիպումներ ունեցած են.
«Համազգայինի քանի մը անդամներու հետ Նունէ Եսայեանը եւ ես այցելեցինք Յովնանեան վարժարան, զրուցեցինք դպրոցի աշակերտներուն, տնօրէնին եւ ուսուցիչներուն հետ: Այցելեցինք աշխարհահռչակ ձեւաւորող Մայքլ Արամի արուեստանոցը. վերջինս մեզի շատ ջերմ ընդունեց: Այնուհետեւ գացինք Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան Մայր տաճար, որուն շրջաբակին մէջ տեղադրուած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած քանդակը, որուն հեղինակը Մայքլ Արամն է: Ծանօթացանք Գերշ. Տ. Սիմէոն Ծ. Վրդ. Օտապաշեանի հետ:
Այցելեցինք նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Առաջնորդարան, ուր մեզի հիւրընկալեցին Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան եւ Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան եպիսկոպոս Դանիէլեան:
Հնարաւորութիւն ունեցայ նաեւ ծանօթանալու Համազգայինի խումբի անդամներուն հետ: Շատ հաճելի էր ամէն ինչ»:
Սիպիլը նաեւ աւելցուց, որ հանդիպումներուն ընթացքին խօսուած են նաեւ ապագայ ծրագիրներու մասին.
«Ես մեծ ոգեւորութեամբ եւ սրտի թրթիռով վերադարձած եմ տուն: Այնչափ յուզուած էի սիրալիր եւ անկեղծ վերաբերմունքէն»:
Աւելցնենք, որ համերգը կայացած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան ԱՄՆ-ի Արեւելեան շրջանային վարչութեան եւ Նիւ Ճըրսիի եւ Նիւ Եորքի մասնաճիւղերու աջակցութեամբ: