21-Ամեայ Էլէն Կարապետեան` «Միսս Պելճիգայի Հայ» Մրցոյթի Յաղթող
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/11/Միսս-Բելգիա.jpg)
Պատմութեան մէջ առաջին անգամ Պելճիգայի Պենտ քաղաքին մէջ կայացած է «Միսս Պելճիգայի հայ» գեղեկցութեան մրցոյթը, որուն ծիրէն ներս 12 հայուհիներ պայքարած են Պելճիգայի հայ համայնքի ամենագեղեցիկ աղջկայ տիտղոսին արժանանալու համար:
Ինչպէս Պելճիգայէն կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»ի թղթակիցը, ժիւրիի ընտրութեան արդիւնքով յաղթող ճանչցուած է 21ամեայ Էլէն Կարապետեան: Հայ կնոջ գեղեցկութիւնը ի ցոյց դնելէ զատ մասնակցիները ցուցադրած են տարբեր տաղանդներ. անոնք նուագած են երաժշտական գործիքներ, արտասանած են չափածոյ ստեղծագործութիւններ, պարած են եւ ներկայացուցած աւանդական ու ժամանակակից երգեր: Ժիւրին ստուգած է նաեւ անոնց ընդհանուր գիտելիքները` Պելճիգաի ու Հայաստանի մասին հարցեր տալով: Ձեռնարկը կազմակերպուած է Կարինէ եւ Աննա Օհանեան քոյրերու ու անոնց ընկերոջ` Տաթեւ Մանուկեանի կողմէ:
Խօսելով մրցոյթի կազմակերպման գաղափարին մասին` Կարինէ Օհանեան «Արմէնփրէս»ին ըսած է. «Մենք կը ցանկանք օգնել Պելճիգայի հայ աղջիկները մետիայի մէջ դառնալ աւելի տեսանելի, եւ յոյսով ենք, որ անոնք աւելի աշխոյժ կ’ըլլան ընելու ամէն ինչ, որ կը սիրեն: Աղջիկները պէտք չէ գնահատուին միայն իրենց գեղեցկութեան համար: Ի հարկէ, կարեւոր է լաւ տեսք ունենալը, սակայն մենք կը կարծենք, որ գիտելիքն ու տաղանդը աւելի կարեւոր են»: «Միսս Պելճիգաի հայ» մրցոյթի յաղթող Էլէն Կարապետեան նշած է, որ կը ցանկայ զօրացնել Պելճիգայի հայերու կերպարը ինչպէս երկրին մէջ, այնպէս ալ ատոր սահմաններէն դուրս: Ան յոյս յայտնած է, որ յաջորդ տարի շատերը իր փորձէն ոգեւորուած կը մասնակցին մրցոյթին: Որպէս յաղթող` Կարապետեան կը պատրաստուի մասնակցիլ մրցոյթի հովանաւորներու կազմակերպած երեկոներուն ու լուսանկարչական նիստերուն: Ան կ’ուղեւորուի նաեւ Հայաստան` որպէս ՊԵլճիգաի հայերու ներկայացուցիչ:
Գեղեկցութեան մրցոյթի կազմակերպիչները յայտնած են, որ կը նախատեսեն նմանօրինակ մրցոյթներ կազմակերպել նաեւ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Հոլանտայի մէջ: Աւելի ուշ այդ մրցոյթներու յաղթողները կը մրցին «Միսս Եւրոպայի հայ» մրցոյթին: