«Հայապահպանութեան Գործին Մէջ Նշանակալի Աւանդի Համար» Համահայկական Մրցանակաբաշխութիւն-2015

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը, Համաշխարհային հայկական կոնգրէսը եւ Ռուսաստանի հայերու միութիւնը «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» 2015թ. մրցանակաբաշխութեան ծիրէն ներս կը յայտարարեն մրցոյթներու պայմանները հետեւեալ անուանակարգերուն մէջ`

1.    «Մայրենիի պաշտպան» (անհատ/կազմակերպութիւն),

2.    «Լաւագոյն հայկական համայնք»,

3.    «Հայկական աւանդական ընտանիք»,

4.    «Լաւագոյն գեղարուեստական խումբ» (պարային համոյթ, երգչախումբ, նուագախումբ):

«Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» մրցանակաբաշխութեան նպատակն է խրախուսել Սփիւռքի մէջ հայ ազգային ինքնութեան պահպանման ու զարգացման հարցին մէջ կազմակերպութիւններու, տարբեր խումբերու, առանձին անհատներու ունեցած ներդրումը, գնահատել եւ արժեւորել այս ուղղութեամբ հայկական համայնքներու գործունէութիւնը:

Բոլոր անուանակարգերուն մէջ սահմանուած են 1-ին, 2-րդ, 3-րդ կարգի եւ խրախուսական մրցանակներ:

1. «Մայրենիի պաշտպան» մրցոյթի կազմակերպման նպատակն է խրախուսել սփիւռքեան կառոյցներն ու անհատները, որոնք մեծ ներդրում ունին մայրենիի պահպանման, տարածման, հայեցի լեզուամտածողութեան ձեւաւորման, հայեցի կրթութեան եւ դաստիարակութեան, Սփիւռքի գրական-գեղարուեստական կեանքի զարգացման բնագաւառին մէջ:

«Մայրենիի պաշտպան» մրցոյթին կրնան մասնակցիլ Սփիւռքի մէջ գործող համայնքային կազմակերպութիւններ, կրթօճախներ, մշակութային հաստատութիւններ, մայրենի լեզուի ուսուցիչներ, լեզուաբաններ, մշակոյթի, գրական գործիչներ, գործարարներ:

Մրցոյթին մասնակցիլ փափաքողները լրացուած յայտադիմումները պէտք է ներկայացնեն ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն մինչեւ 2015թ. Նոյեմբեր 30:

Յայտադիմումին կից անհրաժեշտ է ներկայացնել նաեւ

-լուսանկար,

-կրթութեան մասին փաստաթուղթ (պատճէնը),

-համայնքի, կառոյցի կամ դպրոցի բնութագիր-երաշխաւորագիր,

-որպէս «Մայրենիի պաշտպանի» իր գործունէութեան նկարագիրը:

-նիւթեր, ինչպէս նաեւ` տեսանիւթեր, որոնք կը փաստեն մայրենիի պահպանման, տարածման ուղղութեամբ կամ հայերէնի զարգացման նպաստող գործունէութեան, իրականացուցած ծրագիրներուն մասին:

2. «Լաւագոյն հայկական համայնք» մրցոյթին նպատակն է ի յայտ բերել, խրախուսել Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան գործը առաւել արդիւնաւէտութեամբ իրականացնող հայկական համայնքներու, համայնքային կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը, որ նպատակաուղղուած է`

ազգային ինքնութեան պահպանման ու զարգացման, համայնքի ինքնակազմակերպման ու համախմբման,

հայոց լեզուի, ազգային պատմամշակութային արժէքներու, աւանդոյթներու, սովորոյթներու պահպանման, զարգացման եւ տարածման,

Հայրենիք-Սփիւռք եւ համայնք-համայնք կապերու ամրապնդման, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներուն մասնակցութեան,

բնակութեան երկրի օրէնսդրութեամբ ազգային փոքրամասնութիւններու համար սահմանուած իրաւունքներու եւ արտօնութիւններու իրացման նպատակով տեղի իշխանութիւններուն հետ համագործակցութեան խորացման,

բնակութեան երկրի հասարակական կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ մեր հայրենակիցներու առաւելագոյն ընդելուզման, որպէս օրինապաշտ քաղաքացիներու ձեւաւորման եւ կայացման,

բնակութեան երկրի իշխանութիւններուն եւ հասարակութեան հայութեան հիմնահարցերու պատշաճ ներկայացման եւ լոպինկին:

 Մրցոյթին համար սահմանուած են

«Ամենակուռ/համախումբ հայկական համայնք,

«Ամենահայախօս հայկական համայնք,

«Աւանդապաշտ հայկական համայնք»,

«Ամենանախաձեռնող հայկական համայնք»,

«ՀՀ ՍՆ համահայկական ծրագիրներուն առաւել աշխոյժ մասնակցող հայկական համայնք»

անուանակարգերը:

3.«Հայկական աւանդական ընտանիք» անուանակարգով մրցոյթին նպատակն է`

Սփիւռքի հայ համայնքներէն ներս սերունդներու երթալով խորացող լեզուամշակութային ուծացման, լեզուի կորուստին, ազգային ինքնութեան գիտակցումէն, ազգային արմատներէն,  հայ հոգեւոր-մշակութային արժէքներէն աստիճանական հեռացման, օտար հանրութիւններու բնորոշ բարքերու ազդեցութեան ուժեղացման պայմաններուն մէջ հայապահպանութեան գլխաւոր յենասիւնը, միջուկը, հանդիսացող հայկականութիւնը կրող ընտանիքներու դերն ու նշանակութիւնը, օրինակը ներկայացնելն է:

Աւանդապաշտ, ընտանիքի մէջ հայկականութիւնը, մայրենի լեզուն, ազգային աւանդոյթները, սովորոյթները, հայկական ընտանեկան բարքերը պահպանող, ազգային կենսակերպով ապրող, հայկական կենցաղային սովորոյթներն ու ազգային խոհանոցը, ուտեստները պատուող ընտանիքներու խրախուսումը:

Հայեցի եւ քրիստոնէական ընտանեկան դաստիարակութեան գործին մէջ հայ ընտանիքներու դերակատարութեան բարձրացումը:

4.«Լաւագոյն գեղարուեստական խումբ» (պարային համոյթ, երգչախումբ, նուագախումբ):Մրցոյթին նպատակն է Սփիւռքի հայկական համայնքներէն ներս հայ հոգեւոր-մշակութային, ազգային արժէքներու պահպանման, տարածման, հայ սերունդներուն հայ ինքնութեան ոգին հաղորդելու,  հայապահպանութեան գործին մէջ պարային համոյթներու, երգչախումբերու, նուագախումբերու գործունէութեան գնահատումը:

Վերը թուարկած մրցոյթներուն մասնակցութեան յայտերու ընդունումը կը սկսի մրցանակաբաշխութեան յայտարարման օրուընէ եւ կը շարունակուի մինչեւ իւրաքանչիւր անուանակարգի յայտադիմումներու ընդունման վերջնաժամկէտը: Փոստով առաքուած յայտերը ընդունելու որպէս հիմք կ’ընդունուի առաքման օրուան վերաբերեալ փոստային նշումը:

Մրցութային յանձնաժողովը կրնայ դիմել յայտատուին` վերջինիս գործունէութիւնը լուսաբանող լրացուցիչ տպագիր նիւթեր, գիրքեր, հրատարակութիւններ, գրքոյկներ, տեսաերիզներ, լուսանկարներ եւ այլ լրացուցիչ նիւթեր տրամադրելու խնդրանքով:

Մրցոյթներու արդիւնքները կ’ամփոփուին 2015թ. տարուան վերջը կամ 2016 թ. Յունուար-Փետրուար ամիսներուն:

Իւրաքանչիւր անուանակարգի համար կը գործեն մասնագիտական մրցութային յանձնաժողովներ:

Բոլոր անուանակարգերուն մէջ մրցանակակիրներէն կը պահանջուին նաեւ դրամատնային տուեալներ (անուանում, հասցէ, SWIFT, հաշուեհամար), ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ լրացուցիչ տեղեկատուութիւն:

Մրցոյթներուն մասնակցիլ փափաքողները մասնակցութեան յայտերը կը լրացնեն եւ կը ներկայացնեն հետեւեալ հասցէով` ՀՀ, ք.  Երեւան, Վազգէն Սարգսեան 26/1 կամ էլ. հասցէներով`allarmenian@mindiaspora.am; gitakrtakan.diaspora@yandex.ru; gitakrtakan-diaspora@mail.ru:

Մրցանակաբաշխութեան իրականացման պատասխանատու` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժին (Հեռ.` +37410 58 56 01 (117, 108, 109), +37460 500-830):

«Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակելի աւանդի համար» համահայկական ամենամեայ մրցանակաբաշխութեան 2015թ. տեղեկատուական ծրարը յետագային` մրցութային յանձնաժողովներու աշխատանքներուն, մրցոյթներու արդիւնքներուն մասին տեղեկատուութիւնը կը տեղադրուին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան կայքէջին` www.mindiaspora.am, ինչպէս նաեւ`նախարարութեան «Հայերն այսօր» ելեկտրոնային թերթի պաշտօնական կայքին մէջ` www.hayernaysor.am:

ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Scroll Up