Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Առթիւ Ս. Պատարագ Եւ Մատաղօրհնէք

ԷՆՍԻՆՕ.- Կիրակի, Նոյեմբեր 8ին տօնն էր Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան։ Ամէն տարուան նման, ժողովուրդը խուռներամ շտապած էր եկեղեցի, լսելու հոգեպարար արարողութիւնը եւ լիցքաւորուելու օրուան խորհուրդով։

Հանդիսաւոր Ս. պատարագը կը մատուցէր առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, իսկ Ս. սեղանին կը սպասարկէին Պօղոս վրդ. Թինգճեան եւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան։

Հաւատացեալներու բազմութիւնը երկիւղածութեամբ կ՛ունկնդրէր ու կը մասնակցէր Ս. պատարագի երգեցողութեան, որ կը կատարուէր եկեղեցւոյս սարկաւագաց, դպրաց դասին եւ կիրակնօրեայի աշակերտներուն կողմէ, ղեկավարութեամբ խմբավար Կոմիտաս Քէշիշեանի։

Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան կ՛արժանանայ Աւագութեան պատիւին

Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան կ՛արժանանայ Աւագութեան պատիւին

Նախքան քարոզը, առաջնորդ սրբազանը փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ կը գտնուի Հովիտի հայ համայնքին հետ, միասնաբար կը նշեն եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 52րդ տարեդարձը ու եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը, իսկ պատարագի աւարտին պիտի մասնակցին մատաղօրհնէքի արարողութեան՝ առ Աստուած աղօթք բարձրացնելով, որ Ան իր լուսաւոր խորաններուն մէջ հանգչեցնէ բոլոր անոնք, որոնք մեր եկեղեցւոյ պայծառութեան համար գործեցին, ծառայեցին ու հիմա կը գտնուին իրենց երկնային հանգիստին մէջ:

Ապա ան ողջունեց ներկայութիւնը Ազգային վարչութեան եւ շրջանի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն, նաեւ՝ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, կիրակնօրեայ դպրոցի աշակերտներուն եւ Ֆերահեան Ազգ. վարժարանի աւարտական կարգի աշակերտներուն. խօսքը անոնց ուղղելով՝ առաջնորդը ըսաւ. «Վստահ եմ, սիրելի աշակերտներ, որ այս օրը ձեզի համար անմոռանալի օր մը պիտի ըլլայ, մանաւանդ կը հաւատամ ու կը յուսամ, որ դուք ձեր կեդրոնացած վիճակին մէջ, ձեր արտաքին մտահոգութիւններէն պարպուած՝ մասնակից էք պատարագին եւ ձեր իւրաքանչիւրը յատուկ աղօթքներ կը բարձրացնէ առ Աստուած»։

Սրբազանը իր խօսքը շարունակելով՝ ըսաւ.

«Սիրելինե՛ր, ձեր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, հոգաբարձութեան, երեսփոխանական կազմին եւ յարակից մարմիններու քաջալերանքով ու զօրակցութեամբ՝ անցնող տարիներուն իր նուիրական ծառայութիւնը բերած է այս եկեղեցիէն ներս։ Ես երկար տարիներ հետեւած եմ քահանայ հօր աշխատանքին եւ ուրախ եմ այսօր ձեզի յայտնելու, ինչպէս երէկ եւս յայտնեցի, թէ խնդրամատոյց եղանք Ս. Աթոռոյս գահակալ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, որ ձեր հոգեւոր հովիւը՝ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանը, գնահատէ իր ծառայական կեանքին մէջ եւ իրեն շնորհէ քահանայութեան կարգի ամէնէն բարձր պատիւը՝ Աւագութեան տիտղոսը: Հետեւաբար, այս պահուս կը հրաւիրեմ ձեզ բոլորդ, որ յոտնկայս մասնակից ըլլաք «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեան, որուն ընթացքին Կոնդակը թափօրով պիտի բարձրացնենք խորան, ընթերցելու համար վեհափառի Աւագութեան գիրը, որմէ ետք մեր շնորհաւորանքները պիտի փոխանցենք քահանայ հօր»:

Երկիւղած մթնոլորտի մը մէջ եւ «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ, Պօղոս վրդ. Թինքճեան խորան բարձրացուց վեհափառ հայրապետին կոնդակը, Թուխման սրկ. Խաչատուրեան եւ դպիր Նարեկ Խաչատուրեան բռնեցին զայն, իսկ ներկայ հաւատացեալները յոտնկայս ունկնդրեցին անոր ընթերցումը սրբազան հօր կողմէ։

Ընթերցումէն ետք սրբազանը իր խօսքը շարունակեց.

«Ահաւասի՛կ մենք բոլորս հոգեկան ցնծութեամբ ունկնդրեցինք վեհափառ հայրապետին Սրբատար կոնդակը, որով Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանը կ՛արժանանայ քահանայական Աւագութեան պատիւին ու տիտղոսին, հետեւաբար, այս պահէն սկսեալ, քահանայ հօր պաշտօնական անունը պիտի յիշուի որպէս Ռազմիկ Աւագ քհնյ. Խաչատուրեան։

Սիրելի տէր հայր, ոչ միայն կ՛ուզեմ շնորհաւորել քեզ, այլ նաեւ յատուկ կերպով կ՛ուզեմ գնահատել քեզ այն իրողութեան համար, որ դուն քու ստացած ընտանեկան դաստիարակութեամբ, փոքր տարիքէդ եկեղեցւոյ մէջ մեծցար, միշտ փափաքեցար քահանայ ձեռնադրուիլ եւ Աստուած փափաքիդ գոհացում տուաւ, որ դուն ծառայես: Տակաւին, առաւել եւս ուրախ եմ, որ տէր հօր օրինակով, իր զաւակները երկար տարիներէ ի վեր այս եկեղեցիէն ներս կը ծառայեն. այդ նպատակով ալ ուզեցի, որ անոնք բռնեն վեհափառին կոնդակը ընթերցանութեան պահուն, որպէսզի տեսնեն, թէ երբ ծնողները իրենց օրինակով կը յաջողին դաստիարակել իրենց զաւակները, տարբերութիւնը մե՛ծ կ՛ըլլայ: Դո՛ւք ալ, սիրելի ծնողներ, ձեր զաւակներու դաստիարակութեան մէջ մեծ դեր ունիք կատարելիք. միշտ լաւը, բարին ու գեղեցիկը իբրեւ օրինակ տուէք անոնց, ինչպէս՝ տէր հայրը։

Սիրելի՛ տէր հայր, յատուկ կերպով կը շնորհաւորեմ ընտանիքդ, զաւակներդ եւ բոլոր ազգականներդ ու հարազատներդ, նաեւ Աստուած թող օրհնէ յիշատակը բարի ծնողացդ: Օրհնեալ ըլլաս, բարի՛ ծառայութիւն, եւ ինչպէս վեհափառը իր կոնդակին մէջ յիշած է՝ «վերանորոգ աշխուժութեամբ ու կենսունակութեամբ» անձնդիր ծառայութիւնդ շարունակես»:

Սրբազան հայրը «Պահպանիչ»ով աւարտեց քահանայ հօր Աւագութեան տիտղոսին փոխանցումը։ Ապա իր քարոզը շարունակելով՝ շեշտեց, որ Յիսուսի օրինակով մեր կեանքը պէտք է ապրինք հաւատքով, խոնարհութեամբ ու ծառայասիրութեամբ։

Առաջնորդը օրհնեց յիշատակը բոլոր անոնց, որոնք հաւատքով հիմը դրին այս եկեղեցւոյ, նաեւ՝ բոլոր նախկին սպասարկուներուն, որոնք գործեցին ու անցան։ Ան աղօթեց նաեւ եկեղեցւոյս այսօրուան սպասարկուներուն համար, որպէսզի Աստուած առաջնորդէ անոնց քայլերը, զիրենք փրկէ երեւելի ու աներեւոյթ ամէն տեսակի փորձութիւններէ, եւ ծառայական ուխտի մէջ զանոնք միշտ անխախտ պահէ։ Քարոզի աւարտին, սրբազանը փոխանցեց, թէ Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ մէջ մեր նահատակ սուրբերուն աճիւնները պիտի ունենանք՝ ճաճանչաւոր խաչերու մէջ զետեղուած: Նկատի առած, որ այս եկեղեցին նաեւ մեր սրբացած նահատակներուն յիշատակը եւ անունը կը կրէ, թեմիս վերջին Կրօնական ժողովին որոշում տրուեցաւ, որ խաչերու օրհնութիւնը կատարուի ա՛յս եկեղեցւոյ մէջ: Ուրեմն, Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 8ի երեկոյեան, թեմի եկեղեցիներուն հովանիին ներքեւ գործող բոլոր մարմիններու՝ հոգաբարձուներու, երեսփոխաններու, տիկնանց միութեան անդամներու, դպրաց դասերու եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդին ներկայութեան, Տէր Զօրէն բերուած աճիւնները պիտի օրհնուին եւ խաչերու լուացումէն ու օրհնութենէն ետք պիտի զետեղուին անոնց մէջ, իսկ 2016ի Յունուար 6ին, առաջնորդարանի Ս. Ծննդեան ճաշկերոյթին ընթացքին անոնք պիտի յանձնուին մեր եկեղեցիներու հովիւներուն եւ հոգաբարձութեանց ատենապետներուն։ Հետեւաբար, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը այս տարիէն սկսեալ առաւել իմաստ կը զգենու եւ խորհուրդ կ՛ունենայ, որովհետեւ մեր սրբացած նահատակներու յիշատակին եւս նուիրուած կ՛ըլլայ ան:

Նախքան «Տէր Ողորմեա»ի յայտարարութիւնը, Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան, որդիական սիրով շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր եւ Կրօնական ժողովին, որ խնդրամատոյց ըլլալով Արամ Ա. վեհափառին մօտ՝ այսօր արժանի դարձուցին զինք Աւագութեան պատիւը ստանալու։ Շնորհակալութիւն՝ նաեւ վեհափառ հայրապետին, որ ընդառաջելով սրբազան հօր խնդրանքին՝ եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս ունեցած երկար տարիներու ծառայութեան առ ի գնահատանք իրեն շնորհեց Աւագութեան պատիւը։ «Սրբազան հայր, թեմէս ներս աւելի քան 20 տարուան ծառայութեանս ընթացքին, դուք միշտ մեզի հետ եղաք. որպէս հոգեւոր հայր՝ մասնակից եղաք մեր ուրախութիւններուն ու դժուարութիւններուն, ձեր իմաստուն խրատները մեզի լուսատու ջահ դարձան եւ առաջնորդեցին մեզ ոչ միայն եկեղեցական անդաստանէն ներս, այլ նաեւ մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ, իսկ այսօր անգամ մը եւս կը վայելենք ձեր հոգածութիւնը, քահանայական ծառայութեան ծայրագոյն՝ Աւագութեան պատիւին արժանանալով», ըսաւ ան։

Ապա քահանան շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգային վարչութեան, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան՝ ներկայ գործող թէ տարիներու վրայ երկարող յաջորդական կազմերուն, ծխական շրջանի ազգային երեսփոխաններուն, շրջանին մէջ գործող կազմակերպութիւններուն ու միութիւններուն եւ յատկապէս՝ Սան Ֆերնանտօ հովիտի պատուական գաղութին, այն հաստատ համոզումով, որ բոլորին զօրակցութեամբ եւ աննկուն կամքով ինք պիտի շարունակէ աւելիով ծառայել Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ եւ Հովիտի պատուական գաղութին։

Պատարագի աւարտին, առաջնորդ սրբազան հօր գլխաւորութեամբ եւ ՀՄԸՄ «Մասիս» մասնաճիւղի գաւազանակիր սկաուտներով, թափօրը առաջնորդուեցաւ դէպի «Աւետիսեան» սրահ, ուր եկեղեցւոյս տիկնանց միութեան կողմէ պատրաստուած էր մատաղը։ Հոն կատարուեցաւ մատաղօրհնէք։ Սրբազան հայրը բարձր գնահատեց տիկնանց միութեան եւ հոգաբարձութեան անդամներուն մատուցած ծառայութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ մատաղին իրենց նիւթական օժանդակութիւնը բերած բոլոր հաւատացեալները։ «Պահպանիչով» եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով վերջ գտաւ հոգեպարար արարողութիւնը, որմէ ետք հաւատացեալները կարգով վերցուցին մատաղի իրենց բաժինը եւ հոգենորոգ ուրախութեամբ վերադարձան իրենց տուները։

Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ:

Scroll Up