Սուրիական բանակը Լաթաքիոյ մերձակայքը երեք բնակավայր ազատագրած է

Սուրիական բանակը Լաթաքիա քաղաքէն հիւսիս ինկած ճակատին մէջ յաջող գործողութիւն մը իրականացուցած է: Կառավարական զօրքերը Ճէպել Թուրքման տեղանքին մէջ երեք բնակավայր  ազատագրած են: Այս մասին ըստ News.am-ի` կը գրէ ՏԱՍՍ-ը` վկայակոչելով ՍԱՆԱ գործակալութիւնը:

Իբրեւ արդիւնք ահաբեկիչները դուրս  մղուած են Տէյր Խանա, Տաղմաշլի եւ Պէյթ Այաշ բնակավայրերէն:

«Հակառակորդը զգալի կորուստներ կրած եւ նահանջած է: Մեծ քանակութեամբ ռազմական սարքեր եւ սպառազինութիւններու պահեստներ  ոչնչացուած են»,- նշած է գործակալութեան աղբիւրը:

 

Scroll Up