«Հայոց Ցեղասպանութիւնը Պատմութեան Չփակուած Էջն Է». Աշոտ Ճազոյեան

Այս տարուան Մարտին Հայաստանի մէջ տեղի  ունեցած է «Արարատի ստորոտին» միջազգային տեղեկատուական համաժողովը, որուն մասնակցած է աւելի քան 150 լրագրող` աշխարհի 35 երկիրներէ:

Մետիամաքսի խնդրանքով ձեռնարկի կազմակերպիչներէն մէկը` «Լրագրողներու ընկերակցութիւն»  տեղեկատուական ժողովի խորհուրդի ղեկավար, ՌԴ Լրագրողներու միութեան քարտուղար Աշոտ Ճազոյեան ամփոփած է Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած ձեռնարկներու լուսաբանումը համաշխարհային մամուլին մէջ:

Աշոտ Ճազոյեանի «Սիրով Էրմիթաժ» («Эрмитаж с любовью») վաւերագրական ֆիլմը վերջերս Եալթայի մէջ` «Միասին» («Вместе») ХVI միջազգային հեռուստա-կինոհամաժողովի ծիրէն ներս, «Գաղափարի թարմութեան եւ փայլուն բեմադրական աշխատանքի համար» արժանացած էր ԱՊՀ մասնակից երկիրներու Միջխորհրդական վեհաժողովի յատուկ պարգեւին:

Պարոն Ճազոյեան, այս տարի Ձեր ղեկավարած տեղեկատուական քոնկրէսի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ «Արարատի ստորոտին» միջազգային տեղեկատուական համաժողովը, որուն հիմնական թեմաներէն էր Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ին՞չ արձագանք ունեցաւ այն:

– «Արարատի ստորոտին» տեղեկատուական համաժողովը լրագրողներու մասնագիտական հանդիպում էր, որուն արձագանքը անմիջապէս ձեւաւորուեցաւ մամուլի էջերուն, հեռուստառատիոալիքներուն, միջազգային լրատուական գործակալութիւններու կայքերուն մէջ: Այս տարի Հայաստան այցելեցին 35 մօտ եւ հեռաւոր երկիրներէ աւելի քան 150 յառաջատար լրագրողներ` սկսած Հարաւային Քորէայէն մինչեւ Արժանթին, այնպէս որ կարելի է խօսիլ տեղեկատուական հարթակի վրայ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հետ կապուած ծաւալուն եւ արդիւնաւէտ ուղերձի ստեղծման մասին:

Ի դէպ, կը ցանկայի յիշեցնել, որ մենք այսօր պէտք է յիշենք ու նշենք այն լրագրողներուն, միսիոներներուն ու գործիչներու նուիրուածութիւնը, որոնք դիւանագէտներու ու պետական գործիչներու հետ հաւասար կը տարածէին ԶԼՄ-ներու մէջ 1895-1923 թթ. հայերու դէմ կատարուած սարսափելի ոճրագործութեան մասին տեղեկութիւնները: Լրագրողական համախմբուածութիւնը արտայայտուեցաւ նաեւ համաժողովի օրերուն, երբ Ցեղասպանութեան զոհերու «Ծիծեռնակաբերդ» յուշահամալիրին մէջ լրագրողները «Յիշողութեան եւ դատապարտման շրջան» կազմեցին յաւերժական կրակին մօտ` միջազգային հանրութեան ցուցադրելով իրենց միասնականութիւնը` Հայոց ցեղասպանութեան քաղաքականութեան դատապարտման հարցին մէջ:

Խօսելով Հայաստան կատարած այցի հետ կապուած լրագրողական մեկնաբանութիւններուն մասին` ես կը ցանկայի յատուկ նշել, որ ատոնց բովանդակութիւնը մեծապէս պայմանաւորուած էր տեղեկատուական համաժողովի մասնակիցներուն առջեւ ՀՀ նախագահի ելոյթով: Բացառապէս փաստերու վրայ հիմնուած ու գնահատականներու տեսակէտէն զուսպ անոր խօսքը, ինչպէս նաեւ վստահութիւնը, որ Հայաստան չունի թշնամիներ, գտաւ իր արձագանքը միջազգային լրատուամիջոցներուն մէջ:

Սակայն Հայաստանի մասին կը սկսին աւելի յաճախ խօսիլ որպէս միջազգային քաղաքականութեան հիմնական խնդիր, այլ ոչ թէ  էութեան մասին: Մինչդեռ, ինծի կը թուի, որ երկիրը ունի ներուժ, եւ առաջին հերթին մտաւոր, իր խօսքը ըսելու միջազգային դիւանագիտութեան ոլորտին մէջ` նախ վերանայելով սեփական աշխարհաքաղաքական դերը տարածաշրջանին մէջ:

Այլ խօսքով, այսօր մեր երկիրը չի կրնար բաւարարուիլ փակուղային  իրավիճակով մը: Հայաստան կրնայ հանդէս գալ սեփական նոր եւ արդիւնաւէտ նախաձեռնութիւններով տարածաշրջանին մէջ, ուր կը հատուին առաջին հերթին Ռուսաստանի, Իրանի ու Վրաստանի շահերը:

Յաճախ կը նշուի, որ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը պիտի դառնայ նոր փուլի սկիզբ: Ըստ Ձեզ` որո՞նք պէտք են ըլլան Հայաստանի յետագայ գործողութիւնները:

– Մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւնները, ինչպիսին Ցեղասպանութիւնն է, չունին վաղեմութեան ժամկէտ, հետեւաբար որեւէ տարելից, ներառեալ` նոյնիսկ 100-րդ տարելիցը, չի կրնար բեկումնային պահ ըլլալ:

Ցեղասպանութիւնը պատմութեան շրջուած, սակայն չփակուած ողբերգական գլուխն է` եւ ոչ միայն հայ ժողովուրդին համար: Այստեղ ժամանակի հասկացողութիւնը պարզապէս կը բացակայի: Կը կարծեմ` ժամանակակից քաղաքակրթութեան հետ կապուող որեւէ պետութեան պարտականութիւնն է ճանչնալ եւ դատապարտել ХХ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը:

Բնականաբար, «Ծիծեռնակաբերդ» յուշահամալիրին մօտ Ապրիլ 24-ին ես կը ցանկայի տեսնել ՄԱԿ-ի բոլոր երկիրներու ղեկավարները: Ատիկա կը նշանակէր, որ աշխարհ թեւակոխած է ընդհանուր բարոյական արժէքներու քաղաքակրթութեան նոր փուլ մը: Սակայն, ցաւօք, ատիկա ամենեւին այդպէս չէ: Նոր դարու առաջին 15 տարիներուն ընթացքին մենք դարձած ենք նոր ողբերգութեան, միջազգային լարուածութեան նոր աճի, երկակի չափանիշներու, միայն այժմէական շահերէ ելլող քաղաքական քայլերու ականատես, եւ այդ ամէնը յանգեցուցած է Հայաստանի սահմանի մօտակայքը նոր չարիքի ստեղծման եւ աճին` ISIS անունով:

Եթէ խօսինք ՀՀ քաղաքականութեան նոր հեռանկարներուն մասին, ապա, կը կարծեմ, որ ատիկա պէտք է ըլլայ Հայաստանի` Արեւմուտքն ու Արեւելքը իրար միացնող կամուրջի պատմական նշանակութեան վերականգնումը:

Հայաստան կ’եզրափակէ Եւրոպայի քրիստոնէական գիծը` միեւնոյն ժամանակ ըլլալով ասիական առաջին դարպասը: Հէնց այստեղ` Արարատի ստորոտին, կրնայ մեկնարկել նոր Նոյի տապանի շինարարութիւնը` որպէս վերածնունդի ու միջքաղաքակրթական երկխօսութեան խորհրդանիշ: Նոր փուլը, ի հարկէ, կապուած է նախընտրուած հատուածի փոփոխման, նոր քաղաքական ուժերու իշխանութեան գալուն հետ, որոնց համար ապագան կենսական տարածութեան բնական թարմացումն է:

Ես նկատի ունիմ երիտասարդութիւնը, որ սակագիներու հետ կապուած թէժ, ելեկտրականացուած ամրան ընթացքին ցուցադրեց իր տարիքին համար ցնցող գիտակցութիւն ու զսպուածութիւն, եւ, ինչ որ կարեւոր է, տեղի չտուաւ առանձին քաղաքական գործիչներու փորձերուն` իրենց տեղաւորելու այժմէական միջազգային ու գաղափարական կուսակցական արժէքներու համակարգին մէջ:

Իսկ ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստանի ու Սփիւռքի համագործակցութիւնը Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ: 

– Այդ բաժանումը ես շատ պայմանական կը համարեմ: Նախ եւ առաջ`մենք մէկ ազգ ենք, մէկ պատմական ճակատագիր ունեցող մարդիկ, որոնք, թերեւս, կ’ապրին տարբեր երկիրներու մէջ: Այդ բոլոր մարդոց կը միաւորէ մէկ Հայրենիք` Հայաստան: Ատիկա թոյլ տուաւ ոչ միայն միաւորել բոլոր հայերը Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով, այլեւ ընդունիլ Համահայկական հռչակագիրը, որ կ’արտայայտէ հայերու դիրքորոշումը պատմական իրադարձութիւններու եւ մօտեցումները ապագայի հանդէպ: Եւ այստեղ, ինծի կը թուի, յետագայ կարեւորագոյն ռազմավարական քայլը պէտք է ըլլայ Հայաստանէն դուրս ապրող ազգակիցներու ներգրաւուումը հանրապետութեան ոչ միայն քաղաքական, այլ նաեւ տնտեսական կեանքին մէջ:

Այս տարի ընդունուած հռչակագիրին պէտք է հետեւի Համահայկական տնտեսական ծրագիր, որ կառուցուած կ’ըլլայ ոչ միայն անձնական նուիրաբերութիւններու, այլ եւ փոխադարձ շահերու վրայ: Եւ առաջին հերթին ատիկա կը վերաբերի ռուս-հայկական հարիւրաւոր ձեռնարկութիւններու գործունէութեան արդիւնաւէտութեան:

Արդիւնաբերական լճացումը կը թուլացնէ երկիրը եւ կը խթանէ արտագաղթը: Բարգաւաճող հայրենիքը անհրաժեշտ է ոչ միայն Հայաստանի բնակիչներուն, այլեւ արտասահմանի, ներառեալ, ի հարկէ, Ռուսաստանի մէջ, բնակող հայերուն: Բայց ատոր համար պէտք է տնտեսութիւնը հիմնել մարդոց շահերու հիման վրայ եւ այդ ժամանակ հանրապետութիւնը կը դադրի արտագաղթի վայր ըլլալ` դառնալով հայութեան եւ հարեւան երկիրներու համար ձգողութեան կեդրոն: Եւ վերադառնալով նախորդ հարցին` տնտեսապէս բարգաւաճող պետութեան փաստարկները միշտ աւելի ծանրակշիռ են միջազգային հարթակի վրայ:

Վերջին տարիներուն Թուրքիոյ մէջ աւելի շատ կը խօսուի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին: Որքանո՞վ, ըստ Ձեզ, անկեղծ են այդ ձգտումները: 

– Կը կարծեմ` ամէն բան կախուած է այդ գործողութիւններու պատճառներէն: Եթէ ատիկա այսօրուան քաղաքական ղեկավարութեան խաղերն են, որ քաջութիւն չունի հրաժարելու Օսմանեան կայսրութեան ֆաշիստական գաղափարախօսութենէն, որուն հետեւանքով տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ապա ես չէի վստահիր այդ ամէնուն: Սակայն բացառուած չէ, որ շատ գործողութիւններ առաջ  քաշուած են թրքական հանրութեան յառաջատար հատուածին կողմէ, եւ այդ պարագային անարդարացի կ’ըլլար կասկածամտութիւն դրսեւորել:

Անհրաժեշտ է վերլուծել իւրաքանչիւր առանձին փաստ եւ մշակել համարժէք պատասխան քայլեր: Ես կը վստահէի Թուրքիոյ ԵՄ հարցերով նախարարին. այդ խիզախ քաղաքական գործիչը ոչ միայն չվախցաւ Ապրիլ 24-ին ներկայ գտնուելու Անգարայի հայկական եկեղեցւոյ մէջ յիշատակման ծէսին, այլ նաեւ յետագային հաստատած է Ցեղասպանութեան հետ կապուած իր դիրքորոշումը  շարք մը ելոյթներու մէջ:

Կասկած չկայ,որ թուրք հասարակութիւնը, որ ընտրած է ժողովրդավարական զարգացման ուղին, պէտք է ճանչնայ իր մեղքը 15 թուականի դէպքերուն համար: Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, ապա թուրք ժողովուրդը երբեք չէ եղած մեր երկրի թշնամին: Այդ պատճառով պէտք է խուսափիլ տեղի ունեցած ողբերգութիւնը որպէս միջկրօնական հակամարտութիւն գնահատելէն: Շատ հայեր փրկուեցան` փախչելով Լիբանան, Սուրիա եւ այլ իսլամական երկիրներ: Մարդոց կը սպաննէին ազգային հողի վրայ, Օսմանեան կայսրութեան, ինչպէս արդէն նշեցի, ֆաշիստական քաղաքականութեան արդիւնքով:

Ին՞չ հնարաւորութիւններ կան հայ եւ թուրք հասարակութիւններուն միջեւ երկխօսութեան հաստատման հարցով: 

– Ի տարբերութիւն քաղաքական գործիչներու` հասարակութիւնը սահմաններ չէ փակած: Կը կարծեմ` հայերը, ինչպէս եւ թուրք հասարակութեան յառաջադէմ հատուածը, բաց են երկխօսութեան համար: Ինչ կը վերաբերի լրագրողներուն, ապա «Արարատի ստորոտին» տեղեկատուական համաժողովին ներկայ էին 4 թուրք լրագրողներ: Վատ մեկնարկ չէ երկխօսութեան համար:

«Լրագրողներու ընկերակցութիւն» միջազգային տեղեկատուական քոնկրէսը պատրաստ է հայ եւ թուրք լրագրողներուն համար հանդիպում կազմակերպել: Այն կրնայ տեղի ունենալ փակ սահմանի փշալարի մօտ, Հայաստանի, Թուրքիոյ կամ որեւէ այլ երկրի մէջ: Մենք գիտենք մեր գործընկերներու մասնակցելու պատրաստակամութեան մասին, մեզի ծանօթ է եւ Հայաստանի ղեկավարութեան դիրքորոշումը: Կը պակսին միայն թրքական կառավարութեան երաշխիքները առ այն, որ նման ձեռնարկի մասնակիցները յետագային ճնշումներու չեն ենթարկուիր:

Ինչպէս արդէն նշեցի, թուրք հասարակութիւնը եւ թրքական կառավարութիւնը յաճախ տարաձայնութիւններ կ’ունենան պատմական ու ժամանակակից իրողութիւններու բարոյական գնահատականներու հարցին մէջ:

Կրնա՞նք արդեօք խօսիլ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու արդիւնաւէտութեան մասին: 

– Կազմակերպիչ յանձնախումբը մտածուած  կ’աշխատէր: Այստեղ աշխատեցաւ ամէն ինչ. եւ ճիշդ ընտրուած խորհրդանիշը` անմոռուկը, եւ կարգախօսը` «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ», ինչպէս նաեւ տարեկան ձեռնարկներու ծրագիրը: Ինծի կը թուի` դրական դեր ունեցաւ նաեւ կազմակերպիչ յանձնախումբի ղեկավարի պաշտօնին հայ մտաւորականութեան երիտասարդ սերունդի ներկայացուցիչ Վիգէն Սարգսեանի նշանակումը: Սակայն ես չէի առանձնացներ 100-րդ տարելիցը այն ամէնէն որ կատարուած էր  նախորդ տարիներուն:

Որոշ տարրեր կը թուէին ինչպէս հայկական պետութեան, այնպէս ալ արտասահմանեան հայկական կեդրոններու երկարատեւ աշխատանքի տրամաբանական աւարտ: Որոշներն ալ նոր հեռանկարներ կը պարունակէին: Այն, որ Հայաստանի ձայնը լսելի դարձաւ ամբողջ աշխարհի մէջ, անկասկած, կարեւոր է: Սակայն աւելի կարեւոր է ինծի համար, ներքին ազդեցութիւնը: Ատիկա ապացոյցն էր այն բանին, որ միաւորուելով մէկ գաղափարի շուրջ` մենք` որպէս ազգ, ձեռք կը բերենք ուժ, որ ընդունակ է ազդելու ոչ միայն Հայաստանի յետագայ ճակատագրին, այլ նաեւ, ու առաջին հերթին, տարածաշրջանային քաղաքական գործընթացներուն վրայ:

Աշոտ Ջազոյեանի հետ զրուցած է Անժէլա Կժդրեան

 

Scroll Up