Երկու հայ երիտասարդ հրաշքով փրկուած են Փարիզի համերգասրահին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութենէն

Երկու հայ երիտասարդներ Փարիզի մէջ Նոյեմբեր 13-­ին տեղի ունեցած ահաբեկչութեան պահուն եղած են «Պատակլան» համերգասրահին մէջ, սակայն հրաշքով փրկուած են տեղի ունեցած ահաբեկչութենէն: Այս մասին «Արմէնփրէս»-­ին տեղեկացուց Կեդրոնական Ֆրանսայի տարածաշրջանային խորհրդարանի պատգամաւոր Հիլտա Չոբոյեան Ֆրանսայէն:

«Երկու հայ երիտասարդներ «Պատակլան» համերգասրահին մէջ էին, սակայն, բարեբախտաբար, ահաբեկիչներու ներխուժման պահուն զուգարան գացած էին, եւ հրազէնի ձայնը լսելով` փախուստի  դրմած ու փրկուած էին»,-­պատմեց Չոբոյեան:

Նոյեմբեր 13-­ի երեկոյեան Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ միաժամանակ ահաբեկչութիւններ տեղի ունեցած են քաղաքի 6 տարբեր վայրերու մէջ: Ահաբեկչութեան հետեւանքով, ըստ Ֆրանսայի դատախազութեան հրապարակած տուեալներուն, զոհուած է 128 մարդ: Տարբեր աղբիւրներ կը յայտնեն 250 տուժածներու մասին, անոնցմէ 99­ի վիճակը ծանր է: Երկրին մէջ հաստատուած է արտակարգ դրութիւն, յայտարարուած խիստ վերահսկողութիւն պետական սահմաններուն նկատմամբ: Ահաբեկչութենէն ժամեր անց նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ հրաւիրած է արտակարգ խորհրդակցութեան: Ան ահաբեկչութեան ծաւալները աննախադէպ անուանած եւ մեղադրած է «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման: Փարիզի մէջ իրականացուած ահաբեկչական գործողութիւններու արդիւնքով ՀՀ քաղաքացիներու կամ հայերու տուժած ըլլալու մասին տեղեկութիւններ դեռեւս չկան:

 

Scroll Up