Փարիզի մէջ կը փնտրեն 17-ամեայ հայ աղջկան եւ հօրը
Փարիզի մէջ կը փնտրեն երկու ֆրանսահայերու` 17-ամեայ աղջկան եւ հօրը: Այս մասին «Արմէնփրէս»-ին տեղեկացուց Կեդրոնական Ֆրանսայի տարածաշրջանային խորհրդարանի պատգամաւոր Հիլտա Չոբոյեան Ֆրանսայէն: «Կը փնտրուին Լոլա Ուզունեան (17 տարեկան) եւ անոր հայրը, որոնք «Պատակլան» համերգասրահին մէջ էին Նոյեմբեր 13-ի երեկոյեան», տեղեկացուց Չոբոյեան:
01:43 Հիլտա Չոբոյեան նոր տեղեկութիւններ հաղորդեց Փարիզէն` նշելով, որ Լոլա Ուզունեան եւ հայրը համերգասրահի խառնաշփոթին մէջ իրար կորսնցուցած են: Հայրը յաջողած է դուրս գալ: 17-ամեայ Լոլայէն որեւէ լուր չկայ:
01:53 «Կապ հաստատեցի Լոլայի զարմուիին հետ, որպէսզի աւելի ճշգրիտ տեղեկութիւն ստանամ: Լոլային ընտանիքը անձկութեամբ կը սպասէ լուրերու: Անոնց ըսուած է, որ պէտք է սպասեն մինչեւ յառաջիկայ երկուշաբթի», ըսաւ Հիլտա Չոբոյեան: