ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայէն Ներս Շնորհահանդէս Նուիրուած Յակոբ Վարդիվառեանի «Մեծ երազի ճամբուն ուղեւորները եւ համապարփակ պատմութիւն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան» Գիրքին Հրատարակութեան Առթիւ

Նոյեմբեր 3, 2015- Երեքշաբթի օր կէսօրէ ետք ժամը 1:30ին, ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի մէջ, Արմենական Կազմակերպութեան 130ամեակին նուիրուած գիտաժողովի աւարտին, տեղի ունեցաւ շնորհահանդէս նուիրուած նիւ ճըրզիաբնակ ռամկավար ազատական ծանօթ գործիչ Յակոբ Վարդիվառեանի վերջերս լոյս ընծայած «Մեծ Երազի Ճամբուն ուղեւորները եւ համարփակ պատմութիւն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան» վեցհատորեայ շարքին առաջին հատորին հրատարակութեան առթիւ, որ նուիրուած է Արմենական Կազմակերպութեան եւ Ժողովրդական Կուսակցութեան պատմութեան:

 Գիտաժողովի աւարտին,  Հայաստանի ՌԱԿի Հանրապետական Վարչութեան ատենադպիր Սուրէն Սարգսեան սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց այս հրատարակութեան նշանակութիւնը մեր ժամանակակից ազգային ազատագրական պատմութեան համար եւ ըրաւ անոր գնահատանքն ու արժեւորումը:

Շնորհակալութեան իր խօսքը ուղղեց հեղինակը ՀՀ Գիտութիւններու Ակադեմիային, որ արժանի գտած էր իր գիրքը ներկայացնելու նախագահական նիստերու դահլիճին մէջ եւ կատարելու գինեձօնը:

Այնուհետեւ զեկուցող պատմաբանները, կուսակցական պատասխանատուները եւ ներկաները հաւաքուած կատարեցին գինեձօնի արարողութիւնը:  Խօսք առաւ «Ազգ» թերթի երկարամեայ խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան, որ եղած է մօտէն ծանօթ հեղինակին տակաւին իրենց ծննդավայրէն՝ Պէյրութէն:  Ան տուաւ իր ականատեսի վկայութիւնը Յակոբ Վարդիվառեանի ունեցած կուսակցական ու ազգային արխիւին ու մամլոյ հաւաքածոներուն մասին:  Ան հրամցուած հատորը մեծապէս գնահատեց ու հրաւիրեց Խաչատուր Աբովեանի անուան Մանկավարժական Համալսարանի նախագահ ու պատմաբան Փրոֆ. Ռուբէն Միրզախանեանը կատարելու գիրքին գինեձօնը:  Հեղինակը յայտնեց իր շնորհակալութիւնը եւ տրամադրութեան տակ եղող հատորները մակագրեց ներկաներուն:

գիրք

Scroll Up