Սուրիական զօրքը Հալէպ նահանգին մէջ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող քաղաք մը գրաւած է

Սուրիական բանակը կրցած է վերահսկողութիւն սահմանել Սուրիոյ Հալէպ քաղաքի ռազմակավարական նշանակութիւն ունեցող Ալ-Խատեր քաղաքին վրայ:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Tert.am-ը` յղում կատարելով gazeta.ru-ին, այդ մասին յայտնած է ռազմական շրջանակներու աղբիւրը: Կը նշուի, որ ապստամբները լքած են քաղաքը:
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Սուրիոյ կառավարական զօրքը կրցած է ճեղքել Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող օդակայանի երկու տարի տեւած շրջափակումը:
Կառավարութեան մօտ կանգնած ռազմական աղբիւրը յայտնած էր, որ կառավարական զօրքը կրցած է վերացնել շրջափակումն ու հասնիլ Քոււէյրիս օդակայանի պահապաններուն: