ԵՊՀ-ի եւ Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկին Միջեւ Կնքուած Պայմանագիրը Կը Շարունակուի. Հաղորդագրութիւն
Այսու կը հաղորդենք, որ Երեւանի պետական համալսարանի նախագահութիւնը եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը խորհրդակցելով` մէկ կողմէ Երեւանի պետական համալսարանին եւ միւս կողմէ Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին միջեւ 12 Դեկտեմբեր 1996-ին կնքուած համագործակցութեան եւ փոխանակութեան պայմանագիրի, հիմնարկի շրջանաւարտներուն իրենց ուսումը Երեւանի պետական համալսարանին մէջ շարունակելու կարելիութիւնը տուող 4-րդ կէտին վաւերականութիւնը երկարաձգած են մինչեւ 2024 թուականի աւարտը:
Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի շրջանաւարտները յաւելեալ մանրամասնութեանց համար կրնան կապուիլ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան գրասենեակ (Պէյրութ ֊ 961-4-715684, central@hamazkayin.com):
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Պէյրութ, 11 Նոյեմբեր 2015