ԱԺ-ը ընդունեց Բերդին եւ Ճամբարակին հարկային արտօնութիւններ տրամադրող օրինագիծը

Սահմանամերձ գիւղական համայնքներուն տրուող հարկային արտօնութիւններէն օգտուող համայնքներու ցանկին վրայ կ’ընդգրկուին նաեւ Բերդ եւ Ճամբարակ քաղաքային համայնքները: Ազգային ժողովը առաջին ընթերցմամբ եւ միաձայն ընդունեց համապատասխան օրէնքի նախագիծը:

«Արմէնփրէս»-­ի հաղորդմամբ` «Սահմանամերձ գիւղական համայնքներուն տրուող հարկային արտօնութիւններուն մասին» օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքի նախագիծին կողմ քուէարկեց 103 պատգամաւոր, դէմ եւ ձեռնպահ քուէարկողներ չեղան: Նախագիծով կ’առաջարկուի նաեւ սահմանամերձ համայնքներուն մէջ արտադրական գործունէութիւն իրականացնող տնտեսութիւն վարող գործարարները համար հնարաւորութիւն ստեղծել սեփական կամքով գործունէութիւն ծաւալել աւելցուած արժէքով հարկման դաշտին մէջ` հրաժարելով օրէնքով սահմանուած արտօնութիւններէն: Սա հիմնականին մէջ կատարուած է անոնց համար, որոնք արտադրութեան կազմակերպման համար հումքը կը ներկրեն արտերկրէն:

Արտօնութիւններէն չհրաժարելու պարագային տնտեսութիւն վարողը աւելցուած արժէքին հարկը պէտք է ներառէ եւ ծածկագրէ ապրանքի արժէքին մէջ, իսկ գնորդը պէտք է լրացուցիչ աւելցուած հարկի արժէք վճարէ, որ տուեալ արտադրանքը կը դարձնէ ոչ մրցունակ:

 

Scroll Up