Ռուբէն Վարդանեանի եւ Բակօ Սահակեանի որդիները կը ծառայեն Ղարաբաղի մէջ

«Հրապարակ» թերթը կը գրէ.

«Յայտնի գործարար, մեծահարուստ, Դիլիջանի միջազգային դպրոցի եւ միջազգային այլեւայլ ծրագիրներու հեղինակ Ռուբէն Վարդանեանի որդին այս օրերուն կը ծառայէ Ղարաբաղի` Հադրութի մէջ, ընդ որում` այն նոյն զօրամասին մէջ, ուր կը ծառայէ Բակօ Սահակեանի որդին: Անոնք, ինչպէս մեզի տեղեկացուց անոնց հետ ծառայող զինուորներէն մէկը, մօտիկ ընկերներ են: Չնայած, որ Ղարաբաղի  եւ  Հայաստանի մէջ չեն խօսիր այդ մասին»:

 

Scroll Up