«Ոսկի Աշուն»՝ Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղին
Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին՝ երեքշաբթի, 3 Նոյեմբեր 2015-ին տեղի ունեցաւ «Ոստի Աշուն» խորագրով ձեռնարկ մը՝ ԼՕԽ-ի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնին մէջ:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց օրդ. Վիքթոր Հերկելեան: Ան մասնաճիւղի դաստիարակչական յանձնախումբին անունով ողջունեց բոլոր ներկաները ապա ներկայացուց օրուայ պատգամախօս՝ Տիկ. Թամար Հերկելեան-Թասլաքեանը:
Տիկ. Թամար փոխանցեց օրուայ խորհուրդը: Ան անդրադառնալով «Աշուն» բառին, ըսաւ թէ այդ բառը յառաջացած է «Հասուն» բառէն՝ նկատի առնելով թէ Աշնունը միրգերու հասունացման եւ բերքի ամբողջացման շրջանն է որ կ՛արժեւորէ հողի աշխատանքը իր արդիւնքով:
Ան ըսաւ թէ «հողամշակութիւնը մեր նախահայրերուն համար եղած է սուրբ աշխատանք, բարիքներու աղբիւր եւ գոյատեւման գլխաւոր յենարան: Այսպէս, արդար քրտինքով շաղախուած հողին բարիքները դարձած են պաշտամունքի առարկայ: Հողին հանդէպ սէրը, խոր հաւատքը բնութեան ուժին եւ Աստուածային բարիքներուն՝ մղած են մեր պապերը բերքահաւաքը կնքելու իբրեւ տօնախմբութիւն, որ գոհաբանութեան եւ շնորհակալութեան արտայայտութիւն է նուիրուած պաշտպան Աստուածներուն»:
Զրոյցը եզրափակուեցաւ աշնան պտուղներու եւ աշնան բերքերով պատրաստուած հիւրասիրութեամբ:
Այս մասին կը յայտնէ mousaleranjar.com-ը: