Հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասագիրքերը հասան Վրաստան

Երկու տարի սպասուած հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասագիրքերը հասան Վրաստան: ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը Վրաստանի ԿԳ նախարարութեան հետ երկարատեւ բանակցութիւններու արդիւնքով 5 265 դասագիրք ուղարկեց Վրաստանի հայկական դպրոցներ:
Վրաստանի մէջ գործող 135 հայկական դպրոցներուն մէջ կը բաժնուին մայրենիի եւ գրականութեան նոր դասագիրքեր: Ճիշդ է ուղարկուած դասագիրքերու քանակը ամբողջովին չի լրացներ դասագիրքերու պակասը, բայց գոնէ աշակերտներուն մէկ մասը մայրենին չի սորվիր պատռտուած դասագիրքերով:
Ինչպէս տեղեկացանք ՀՀ Սփիւռքի նախարարութենէն 5265 կտոր ուսումնական գրականութիւնը` դասագիրք եւ աշխատանքային տետրեր, արդէն Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան մէջ կը գտնուի եւ շուտով այն համաչափ կը բաժնուի ըստ դպրոցներու:
«Մենք անընդհատ բանակցութիւններու մէջ ենք վրացական կողմի հետ: Գիտենք, որ դասագիրքերու պահանջը աւելի մեծ է: Հնարաւորութեան պարագային պարբերաբար կը թարմացնենք դասագիրքերը»,-jnews.ge-ի փոխանցմամբ` ըսաւ Սփիւռքի նախարարութեան Մերձաւոր սփիւռքի հետ կապերու վարչութեան պետ Տարօն Շագոյեան:
Նշենք, որ 2013-էն այս կողմ Վրաստանի հայկական դպրոցները հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասագիրքեր չէին ստացած:
Աղունիկ Այվազեան