Թուրք-սուրիական Սահմանին 11 Հազար Թուրք Զինուոր Կանգնած Կը Սպասէ Հրամանի

Թրքական բանակի 10.700 զինուոր պատրաստ կը սպասէ հրամանի Սուրիոյ տարածքին «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ  ռազմական գործողութիւններ կատարելու համար: Թրքական բանակը ԻՊ-էն պէտք է պաշտպանէ ապաստարանը, որ պէտք է ձեւաւորուի  Ճերապլուս-Ազեզ շրջաններու միջեւ: Այս մասին՝ ըստ ermenihaber.am-ի՝  կը գրէ թրքական «haberler» լրատուական կայքը, որու տեղեկացմամբ` գործողութիւններու սկզիբը սահմանուած է Դեկտեմբերի 2-րդ շաբաթը:

Ռուսիոյ կողմէ Սուրիոյ մէջ ռազմական գործողութիւններէն ետք ԻՊ-ի զինեալները սկսած են կուտակուիլ Թուրքիոյ հետ սահմանակից Ճերապլուս շրջանին մէջ, ինչ որ կը ստիպէ Թուրքիոյ գործի անցնելու:

Այսպէս, G20-ի գագաթաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ այս շաբաթուան վերջը Անթալիոյ մէջ, Անգարան պիտի ներկայացնէ սուրիական ճգնաժամի լուծմանն ուղղուած 51 էջնոց առաջարկներու փաթեթ մը: Անգարան համաձայն է, որ Սուրիոյ ներկայ նախագահ Պաշշար Ասատ մասնակցի անցումնային շրջանին, սակայն անոր մասնակցութիւնը պէտք է սահմանափակուի 6 ամիսով: Անգարայի մէջ այն կարծիքին են, որ 6 ամիս անց առկայ պայմանները տարածաշրջանի անվտանգութիւնը սպառնալիքի տակ կը դնեն:

Թուրքիա փախստականներու խնդրի լուծման համար պիտի առաջարկէ  «ապաստարանային շրջան» ստեղծել, ուր 10 տարի ժամկէտով ապաստան պիտի ստանայ մօտ 5 միլիոն փախստական: Անգարան այս ծրագրի իրականացման համար G20-ի երկիրներէն քաղաքական եւ տնտեսական օժանդակութիւն պիտի պահանջէ:

Ինչ կը վերաբերի ռազմական գործողութիւններուն, ապա կը նշուի, որ ԱՄՆ-ի գլխաւորութեամբ դաշնակից ուժերը Դեկտեմբերի 2-րդ շաբաթէն սկսեալ Ռաքքայի եւ Հասեքէի շրջաններու հարաւ-արեւմտեան ուղղութեամբ պէտք է ռազմական գործողութիւններ սկսին:  Օդային եւ ցամաքային գործողութիւններէն ետք Անգարայի կարծիքով ԻՊ-ն  պիտի կեդրոնանայ Թուրքիոյ սահմանին մօտ, մասնաւորապէս Ճերապլուսի մէջ, որու հանդիպակաց կողմը` Քիլիսի շրջանին մէջ կեդորնացած է Թուրքիոյ բանակի յատուկ ստորաբաժանումներէն կազմուած եւ 10.700 հոգինոց զօրախումբը: Անգարայի պնդումով` ԻՊ-ի դէմ հնարաւոր գործողութիւններու հիմնական նպատակը ապաստարաններու պաշտպանութիւնն է:

Scroll Up