ANCA-ն Երկօրեայ Արշաւ Պիտի Իրականացնէ` Ի Նպաստ ԼՂՀ-ի Մէջ Խաղաղութեան Հաստատման

ԱՄՆ-ի Հայ դատի յանձնախումբը (ANCA) կը պատրաստուի Դեկտեմբեր 8-ին եւ 9-ին Ուաշինկթընի Քափիտըլ Հիլի մէջ արշաւ կազմակերպել, որուն նպատակն է Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն կոչ ընել նպաստելու Ատրպէյճանի կողմէ ծաւալուած յարձակումներու ֆոնին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութեան հաստատման:

Ինչպէս կը նշուի ANCA-ի պաշտօնական ֆէյսպուքեան էջին մէջ, արշաւի կազմակերպիչները մասնակցութեան հրաւէր ուղարկած են «Արցախի բարեկամներուն», որպէսզի անոնց ձայները հասնին ԱՄՆ-ի կառավարութեան ու ստիպեն տարածաշրջանի մէջ ատելութիւն տարածող ու պատերազմ տենչացող Ատրպէյճանին հաշուետու ըլլալու իր կողմէ իրագործուող բռնութիւններուն ու սպառնալիքներուն համար:

Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ ի աջակցութիւն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղութեան հաստատման արշաւին` ԱՄՆ-ի Քոնկրեսին մէջ տեղի պիտի ունենան շարք մը հանդիպումներ, որոնց պիտի մասնակցին հայամէտ դիրքորոշում ունեցող քաղաքական գործիչներ, ԼՂՀ կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, ԱՄՆ-ի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

Scroll Up