Սուրիական Արաբական Բանակը Վերացուց «Քուէրէս» Զինուորական Օդակայանի Շրջափակումը Եւ Մուտք Գործեց Օդակայան
Այսօր, սուրիական արաբական բանակը, երկար մարտերէ ետք, յաջողեցաւ վերացնել զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ Հալէպի արեւելեան շրջանին մէջ գտնուող Քուէրէս զինուորական օդակայանի շրջափակումը եւ մուտք գործեց օդակայան՝ միանալով տեղւոյն բանակայիններուն։ Այս մասին կը յայտնէ <Գանձասարը>:
Նշենք, որ Քուէրէս զինուորական օդակայանը շրջափակուած էր երեք տարիէ ի վեր։