ՀԵԴի «Մենք Ենք Գիւմրին» Ծրագիրը Ընթացքի Մէջ Է
Հրաչ Նովրուզեան կը տեղեկացնէ, թէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ եւ շրջանի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համագործակցութեամբ, անցեալ տարի աշխատանք սկսած էր դրամահաւաք կատարելու Գիւմրիի երիտասարդական կեդրոնի վերանորոգման համար։
«Մենք Ենք Գիւմրին» անունով արշաւին հիմնական նպատակն է նեցուկ կանգնիլ 1988ի երկրաշարժէն տուժած այս քաղաքի երիտասարդներուն։
Նորոգութեանց աւարտէն ետք, Գիւմրիի երիտասարդական կեդրոնը պիտի ունենայ համակարգիչներու եւ խաղերու յատուկ սրահներ, ինչպէս նաեւ՝ դասաւանդումներու ու մշակութային ձեռնարկներու համար սենեակներ, նպատակ ունենալով նպաստել հայապահպանման ջանքերուն, որոնց մաս կը կազմէ նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան կողմէ Գիւմրիի մէջ իրականացուող «Երիտասարդական Ջոկատներ» ծրագիրը։
Այս մասին կը յայտնէ Ասպարէզ: