Կազմակերպութեամբ «Ռիփաթ Արմինիա»-ի. Հայաստան Հաստատուելու Եւ Հայրենիքի Մէջ Աշխատանքի Առիթներու Վերաբերեալ Հանդիպում-Զրոյց

Կազմակերպութեամբ «Վերադարձ Հայաստան» («Ռիփաթ Արմինիա») կազմակերպութեան, շաբաթ, 7 նոյեմբեր 2015-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00, Հայկազեան համալսարանի եւ Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Իմեճին Արմինիա ֆորում էնտ ճոպ ֆեր» խորագիրը կրող հանդիպում-զրոյցը: Ձեռնարկին առաջին զեկուցումը ներկայացուց «Ռիփաթ Արմինիա» կազմակերպութեան անդամ Րաֆֆի Գասարճեան, որ ընդհանուր կէտերու մէջ խօսեցաւ հայրենադարձութեան կարելիութիւններու մասին:

Repat1_110915

Մեկնելով իր անձնական փորձառութենէն` «Ռիփաթ Արմինիա» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Վարդան Մարաշլեան խօսեցաւ հիմնադրամի առաքելութեան եւ հայրենադարձութեան ծիրին մէջ հիմնադրամին կողմէ մատուցուող ծառայութիւններուն եւ ցուցմունքներուն մասին: Ապա Աւետիք Շալապեան անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ զանազան մարզերու մէջ գործադրուող տարբեր ծրագիրներու` շեշտը դնելով յատկապէս կրթութեան ծիրին մէջ ծրագիրներու եւ հաստատութիւններու վրայ: Լիբանանահայ հայրենադարձ Նայիրի Քէշիշեան խօսեցաւ իր անձնական փորձառութեան մասին: Այս բաժինի զեկուցավարն էր «Ռիփաթ Արմինիա» հիմնադրամի համարկումի գործընթացի  պատասխանատու Թամար Նաճարեան:

Կարճ դադարէ մը ետք, «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու  կեդրոնի տնօրէն Մարի Լու Փափազեան ներկայացուց «Թումօ» կեդրոնը, ապագայի ծրագիրներն ու աշխատանքի կարելիութիւնները:  Ցուցադրուեցաւ «Թումօ» կեդրոնին մասին տեսերիզ մը:

Ապա Զարա Սիանոզովա Idea հիմնարկէն ներկայացուց հիմնարկի աշխատանքները, ինչպէս` Տաթեւի ճոպանուղին: Ներկաները իրենց հարցումները ուղղեցին Հայաստան փոխադրուելու, հոն գործ հաստատելու կամ գործ գտնելու վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ հետաքրքրուած էին Հայաստանի մէջ գործող դպրոցներով եւ կրթական ծրագիրով` փոխադրուելու պարագային զաւակներու կրթական ինչպիսի՛ համակարգի մը հետեւելու մտահոգութեամբ: Ապա «Սքայփ»-ի միջոցով տեղի ունեցան զրոյցներ Հայաստան գտնուող հաստատութիւններու եւ կազմակերպութիւններու աշխատանքի հայթայթման գրասենեակներուն պատասխանատուներուն հետ. զրոյցներուն ընթացքին հետաքրքրուողները հարցումներ ուղղեցին Հայաստանի մէջ աշխատանքի կարելիութիւններուն մասին: Զրոյցին ընթացքին ներկայացուեցան աշխատանքի 40 առիթներ, որոնց մեծ մասը տեղեկատուական արհեստագիտութեան եւ ծրագրաւորման մարզերուն մէջ է:

Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ:

Scroll Up