Բակօ Սահակեան հանդիպած է «Արցախ. ապագայի տեսլականներ» մրցոյթի կազմակերպիչներուն

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Նոյեմբեր 6-ին ընդունած է <<Արցախ. ապագայի տեսլականներ>> մրցոյթի կազմակերպիչներուն` հրապարակախօս Տենիս Տուորնիկովը, մրցոյթի հովանաւոր Միքայէլ Տէր-Սահակեանը եւ <<Ռուս-հայկական համագործակցութիւն>> կազմակերպութեան նախագահ Եուրի Նաւոյեանը: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի նախագահի մամլոյ ծառայութենէն:

Նախագահ Սահակեան կարեւոր համարած է նման նախաձեռնութիւնը` այն համարելով երիտասարդութեան շրջանին մէջ գրական մտքի զարգացման եւ Արցախը արտաքին աշխարհին ներկայացնելու իւրատեսակ դրսեւորում` յոյս յայտնելով, որ այն կը կրէ շարունակական բնոյթ:

Հանդիպման կը մասնակցէին ԼՂՀ կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Սլաւա Ասրեան, մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեան:

Scroll Up