Աւելի քան 60 քոնկրէսականներ կոչ ուղղած են Օպամային արտօնութիւններ տրամադրել 20 հազար սուրիացիներու

ԱՄՆ 60-է աւելի քոնկրէսականներ, ներառեալ Ատամ Շիֆը եւ Տան Տոնովան նամակ յղած են ԱՄՆ նախագահ Պարաք Օպամային` կոչ ընելով մարդասիրական արտօնութիւններ տրամադրել այն ներգաղթեալներուն, որոնք ունին արդէն հաստատուած խնդրագիրներ եւ ընտանիք ԱՄՆ-ի մէջ: Այդ մասին կը հաղորդէ asbarez.com-ը:
Կը նախատեսուի, որ ծրագիրը արտակարգ օգնութիւն տրամադրէ աւելի քան 7 հազար սուրիացի ընտանիքի կամ 20 հազար մարդու, որոնք արդէն անցած են նախնական ստուգումները, սակայն տարեկան թուային սահմանափակումներու պատճառով վիզա չէ տրամադրուած անոնց: Կը նշուի, որ եթէ անոնց արտօնութիւններ տրամադրուին, այդ անձիք կ’ենթարկուին անվտանգութեան խիստ ստուգումներու քանի մը լրացուցիչ քայլերու` մինչ երկիր մուտք գործել կարենալը:
«Ծրագիրը ամբողջական լուծում չէ Սուրիոյ մարդասիրական ճգնաժամին համար եւ պէտք չէ խանգարէ ԱՄՆ փախստականներու վերաբնակեցման ծրագիրի անհրաժեշտ վերագնահատման, այնուամենայնիւ այս փոքր, բայց կարեւոր քայլը կրնայ թոյլ տալ սուրիական հակամարտութեան անմեղ զոհերուն փախչելու վտանգաւոր պայմաններէն, ինչպէս նաեւ` վերամիաւորելու հազարաւոր ընտանիքներու»,-գրուած է Օպամային ուղղուած նամակին մէջ: