Տինքի Ընտանիքը Կը Բողոքէ Տինքի Սպանութեան Ամբաստանագիրի Մերժումին Դէմ

 ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան խնդիրով, Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 4ին հաղորդուեցաւ, թէ հանրապետական աւագ դատախազութիւնը, «պակասաւոր» ըլլալուն պատճառով, ետ դարձուցած է ահաբեկչական յանցագործութիւններու գրասենեակի դատախազներէն Կէօքալփ Քէօքճիւի կողմէ՝ 25 կասկածելիներու մասին պատրաստուած ամբաստանագիրը։ Ասիկա երկրորդ անգամն է, որ ամբաստանագիրը ետ կը ղրկուի։

Դատախազը իր ամբաստանագիրին մէջ հետեւեալները կը պահանջէր.

– Այդ շրջանի Տրապիզոնի լրաքաղութեան բաժինի տնօրէն Էնկին Տինչ եւ Տրապիզոնի նահանգային ապահովութեան տնօրէն Ռեշատ Ալթայ, ինչպէս նաեւ այդ շրջանի Պոլսոյ նահանգային լրաքաղութեան բաժինի տնօրէն Ահմետ Իլհան Կիւլեր պէտք է դատուին՝ «ծրագրուած կերպով մարդ սպաննելու յանցագործութեան օժանդակած ըլլալ»ու յանցանքով։

– Ապահովութեան լրաքաղութեան բաժինի նախկին պետ Ռամազան Աքիւրեք եւ այդ բաժինի տնօրէն Ալի Ֆուատ Եըլմազեր պէտք է դատուին՝ «դիտումնաւոր կերպով մարդ սպաննել»ու յանցանքով։ Այս վերջիններուն դէմ կը պահանջուէր ցկեանս բանտարկութիւն։

– Պոլսոյ նահանգային ապահովութեան տնօրէն Ճելալետտին Ճերրահ եւ ապահովութեան լրաքաղութեան բաժինի պետ Սապրի Ուզուն պէտք է դատուին՝ «իրենց պարտականութիւնը չարաշահած ըլլալ»ու յանցանքով։

Դատախազութիւնը կ՛ուզէր, որ վերոյիշեալներուն հետ միասին դատուին եւս 25 հանրային սպասարկուներ։

Տինքի ընտանիքի փաստաբան Հաքան Պաքըրճըօղլու բուռն կերպով բողոքեց երկրորդ անգամ ըլլալով պատրաստուած ամբաստանագիրի վերադարձուելուն դէմ ու մեղադրանքներ ըրաւ իրաւական կարգերու հասցէին՝ պնդելով, որ մասնաւոր աշխատանք կը տարուի, որպէսզի դատավարութենէ զերծ կացուցուին կամ աւելի թեթեւ յանցանքով մը ամբաստանուին Պոլսոյ ապահովութեան տնօրէն Ճերրահն ու լրաքաղութեան բաժինի պետ Տինչը։

«Դատախազութեան տեղեկագիրը շատ խղճամիտ կերպով պատրաստուած է ու անիկա պակասաւոր չէ», պնդեց Պաքըրճըօղլու՝ աւելցնելով, որ դատախազ Քէօքճիւ, հակառակ իրեն վրայ դրուած ճնշումներուն, ձեռք բերած է կարեւոր փաստեր ու իր ամբաստանագիրը պատրաստած է խղճամիտ կերպով։ «Այս ամբաստանագիրի լոյսին տակ հաւանաբար կարելի կ՛ըլլայ երեւան հանել ոճիրը կազմակերպող մարմինի վերին պատասխանատուներուն ինքնութիւնը», եզրակացուց Պաքըրճըօղլու։

Scroll Up