Վեր. Համայնքապետ Յարութիւն Սելիմեանի Այցը Քեսապ

Վերապատուելի Համայնքապետ Յարութիւն Սելիմեան վերադարձաւ Սուրիա իր կատարած երկու շաբթուան այցելութենէն՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:
Վերապատուելին յատուկ այցելութիւն կատարեց նաեւ Քեսապ աւանը, հանդիպելու Քեսապի Հայ Աւետ. Նահատակաց Վարժարանի ուսուցչակազմին ու Տնօրէնութեանց եւ Քեսապի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու ժողովներուն հետ, մինչ կը պատրաստուի վերադառնալ Հալէպ, միանալու իր եկեղեցիին ու ընտանիքին եւ շարունակելու իր առաքելութիւնը Հայ Աւետարանական համայնքէն ներս: