Հայկական Աւանդական Ասեղնագործութեան Աշխատանքներու Բարեգործական Ցուցահանդէս-վաճառք «Հալէպ» Կազմակերպութեան Կեդրոնին Մէջ

«Հալէպ» հայրենակցական բարեսիրական հասարակական կազմակերպութիւնը Նոյեմբեր 9-էն 13, պիտի կազմակերպէ հայկական աւանդական ասեղնագործութեան աշխատանքներու հնգօրեայ բարեգործական ցուցահանդէս-վաճառք:
Ցուցահանդէս-վաճառքը, որպէս «Աւանդական ասեղնագործութեան դասընթացքներ կանանց համար» ծրագրի կարեւորագոյն բաղադրիչ, պիտի իրականացուի Գերմանիոյ միջազգային համագործակցութիւն ընկերութեան (ԳՄՀԸ) ԵՄ «Թիրախային նախաձեռնութիւն Հայաստանի համար» ծրագրի ծիրէն ներս:
Ծրագրի հիմնական նպատակն է` բարելաւել սուրիահայ մասնագէտներու եւ ծրագրի անմիջական շահառու կանանց բարեկեցութիւնը, ինչպէս նաեւ նպաստել հայկական աւանդական ասեղնագործութեան տարածման:
Ցուցահանդէս-վաճառքին ծրագրի մասնակից տեղաբնակ եւ սուրահայ 30 կանայք ներկաներուն ուշադրութեան պիտի ներկայացնեն իրենց կողմէ ծրագրի իրականացման ընթացքին պատրաստուած Ուրֆայի, Վանի, Տանթելի եւ Նորվէկեան ասեղնագործութիւններու մօտ 60 ինքնատիպ եւ գեղեցիկ նմուշներ: Բարեգործական ցուցահանդէս-վաճառքէն ստացուած հասոյթը պիտի յատկացուի այդ կանանց ընտանիքներուն:
Ցուցահանդէսի ժամանակ ծրագրին մասնակից կանանց պիտի շնորհուին հաւաստագիրներ աւանդական ասեղնագործութեան դասընթացքներուն իրենց մասնակցութեան եւ յաջողութեամբ աւարտելուն համար:
Հնգօրեայ բարեգործական ցուցահանդէս-վաճառքի պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 9-ին, ժամը` 15.00-ին, «Հալէպէ կազմակերպութեան նորաբաց կեդրոնին մէջ (հասցէ` ք. Երեւան, Վարդանանց 8):