Վրէժ Քասունի. Երկդարեայ տոհմածառի ժառանգը

Արդէն եօթ տարի է, երբ աշունը կը ներկէ Երեւանի փողոցները, կը ներկուին նաեւ քաղաքի արուեստի կեդրոններու պաստառները` հիւրընկալելով շարժապտկերային ֆիլմերու “Ռէանիմանիա” միջազգային փառատօնը: Փառատօնի խորագիրը այս տարի “Վերածնունդ” է: “Ռէանիմանիան” երգիծանկարիչ ու շարժապատկերային ֆիլմերու բեմադրիչ Վրէժ Քասունի տարիներու երազանքն էր: Անոր պատմութիւնը կը սկսի Կիլիկիայէն, կը թափառի պատմական Հայաստանի քաղաքներով, մէկ պահ կանգ կ’առնէ Սուրիա եւ, ի վերջոյ, կը վերածնի Հայաստանի մէջ:

“Առաջին օրէն Հայաստանի մէջ ինքզինքս հանգիստ կը զգայի` ինչպէս ձուկը ջուրի մէջ: Յարմարելու համար պէտք է քաղաքացի դառնաս: Ոչ թէ քաղաքացիութիւն ստանաս, այլ դառնաս, հասկնաս, ապրիս: Կամ ալ` յաւէրժ պիտի չընդունիս”,- կ’ըսէ Վրէժ Քասունին, որ ծնած է Հալէպ, սակայն ինքզինք կը համարէ կիլիկիահայ կամ կոմագենցի:

Երկդարեայ տոհմածառի ժառանգը

Քասունի ընտանիքի պատմութիւնը Վրէժի յիշողութեան մէջ կը ձգուի մինչեւ 19-րդ դարու սկիզբ: Տոհմածառի արմատներուն մէջ Թորոս Հոճան է, որ ապրած է մինչեւ 1830-ական թուականներու վերջը, այսօրուան Ադիյամանի շրջակայքը` Բեսնիի շրջանի մէջ գտնուող Քեսուն բերդաքաղաքի մէջմ: Այնստեղէն ալ կու գայ տոհմի ազգանունը` Քասունի: թորոս Հոճան եղած է մարտիկ, զբածած է գիւղատնտեսութեամբ, մեծ կալուածքներ ունեցած է Քեսուիի եւ Բեսնիի մէջ: 1800-ականներու սկիզբներուն մասնակցած է կիլիկիահայերու ապստամբութիւններուն եւ եղած ջոկատներէն մէկուն ղեկավարը”,- յիշելով ընտանեկան զրոյցները` կը պատմէ Վրէժը:

Երբ 19-րդ դարու կէսերուն Օսմանեան իշխանութիւնները կը քանդեն բերդաքաղաքը, Թորոս Հոճայի որդի Դիշօ Եղիան ընտանիքի հետ կը տեղափոխուի Այնթապ (այսօրուան Գազիանթեպ): Վերջինիս թոռնիկը` Եղիան, երկար տարիներ կ’առաջնորդէ տեղի աւետարանական եկեղեցին եւ կ’աշխատի իբրեւ ուսուցիչ: Ինքն ալ իբրեւ գրական կեղծանուն առաջինը կ’ըլլայ,  որ կ’օգտագործէ Քասունի ազգանունը: 19-րդ դարու վերջերուն Եղիա Քասունին ընտանիքի հետ կը տեղափոխուի Մարաշ, ուր ընտանիքը կ’ապրի մինչեւ 1919 թուականը` յաջողցնելով թաքնուիլ եւ խուսափիլ Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ու կոտորածներէն:

“Ֆիզիքական վտանգի դէմ պայքարելով` մինչեւ վերջ յոյս ունեցած են, որ այդտեղ, ի վերջոյ, լաւ կ’ըլլայ, ի վերջոյ կը խաղաղի: Քաղաքի մէջ չեն ապրած, միշտ թաքնուած են”,- կը պատմէ Վրէժը:

Մինչեւ ջարդերը Եղիա Քասունին եղած է Օսմանեան կայսրութիւն ժամանող գերմանական պատուիրակութիւններու թարգմանիչը, իսկ անոր եղբայր Մանուէլ Քասունին, որ 4-5 լեզու գիտէր, եղած է անգլիական զօրքերու պաշտօնական թարգմանիչն ու անգլիական բանակի հետ հասած է մինչեւ Պաղեստին:

Ձախէն աջ առաջին շարքին` ԱննաԼուսի Քասունի, Լեւոն Հմայեակի Քասունի, երկրորդ շարքին` Հմայեակ Եղիայի Քասունի (Վրէժի պապը), Երուանդ Քասունի (հօրեղբայրը), Եղիա Քասունի (Վրէժի հօր պապը, ով գաղթեց Մարաշէն Սուրիա) եւ Վարուժան Քասունի (Վրէժի հայրը)

Այլեւս անհնար համարելով դիմանալ թրքական հետապնդումներուն` 1919 թ.-ին Եղիա Քասունին ընտանիքն ու այդտեղ մնացած ողջ հայ համայնքը կ’առաջնորդէ Սուրիա: Սուրիոյ մէջ նախ կը ժամանեն Դամասկոս, յետոյ` կը հաստատուին Հալէպի մէջ, ուր ալ Եղիա Քասունիի երկրորդ ամուսնութենէն կը ծնի Հմայեակը` Վրէժ Քասունիի պապը:

��?Մեծ հայրը արհեստաւոր եղած է, զբաղած է մեքենաներու լիցքաւորիչներու նորոգութեամբ, սակայն Քասունի ընտանիքի մէջ գրականութիւնն ու արուեստը միշտ առաջնահերթ եղած են: Ովքեր կը ճանչնան Հմաեակ Քասունին, կ’ըսեն, որ խանութի մէջ ունեցած է փոքրիկ գրադարան. ինքը միշտ ընթերցանութեամբ ու գրելով զբաղած է”,- կ’ըսէ Վրէժը:

Հմայեակ Քասունին երեք որդի կ’ունենայ` Վարուժանը` Վրէժի հայրը, որ, շարունակելով հօր ուղին, արհեստներով կը զբաղի, յայտնի պատմաբան, կիլիկիագէտ Երուանդ Քասունին եւ Լեւոն Քասունին, որ եղած է Սուրիոյ առաջին ռազմական օդաչուներէն ու Քուէյթի օդաուղեւորման համակարգի հիմնադիրներէն մէկը:

 Ձախէն աջ՝ Վարուժան Քասունի, ԱննաԼուսի Քասունի, Հմայեակ Քասունի, Լեւոն Քասունի եւ Երուանդ Քասունի

Վրէժի մայրը եւս ծնած է Հալէպ: Ընտանիքը գաղթած է Ուրֆայի շրջանէն. ընտանիքի յիշողութեան մէջ շատ դրուագներ չեն պահպանուած ընտանիքի պատմութեան ու գաղթի մասին:Վրէժի ծնողները կ’ամուսնանան 1967 թուականին: “Հալէպի մէջ մինչեւ 70-ականներու վերջը կային թաղամասեր, ինչպէս Երեւանի Կոնդն է, երբ մէկ բակի մէջ 6-7 ընտանիք կ’ապրի. մի քանի գերդաստան, որոնք իրար հետ ազգակցական կապ ալ չունէին, մէկ բակի մէջ կ’ապրէին: Այդպիսի թաղամասի մը մէջ ալ ծանօթացած են ծնողներս”:Վրէժը` ընտանիքի կրտսեր զաւակը, ծնած է 1971 թուականին, Հալէպի հայկական թաղամասերէն մէկուն մէջ:

Մինչեւ 17 տարեկանը եօթ դպրոց կը փոխէ` կրթութիւն ստանալով Սուրիա եւ Լիաբանանում. “առանց պատճառի չեմ փոխած դպրոցները, վտարուած եմ դպրոցներէն, որովհետեւ բաւական չար էի: Վերջը Հալէպի “Կիլիկիա վարժարան կը յաճախէի ու այդտեղ արդէն չշարունակեցի, որովհետեւ ընտանիքիս պէտք է օգնէի”:“Մանկութենէս արհեստներու մէջ մեծցած եմ: Ծնողներս ամէն ամառ տարբեր արհեստի մէջ կը ներգրաւէին զիս, որ սիրէինք պատասխանատւութիւն, աշխատասիրութիւնն ու շրջապատին ծանօթանայինք: Ուղիղ վեց տարեկանէն ամառները աշխատած եմ եւ գումար վաստակած. այդ գումարով ալ ձմեռը մեր տետրակներն ու մատիտները կը գնէինք”,- կը պատմէ Քասունին:Դպրոցական տարիներուն Վրէժը շատ սիրած է նկարել, հակառակ անոր, որ կ’ըսէ` ընտանիքի ու շրջապատի մէկ մասը կը մտածէր, որ հոգեւորական պիտի դառնայ` նկատի առնելով ամուր կապը եկեղեցւոյ հետ:

Երկար դեգերումներու աւարտը. Հայաստան

17 տարեկանին Վրէժը վերջնականապէս կ’որոշէ, որ իր տեղը արուեստն է ու կ’ընդունուի Հալէպի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ բաւական յայտնի Սարեան ակադեմիան, ուր կը սորվին մինչեւ 1996 թուականը: “1992 թուականին կ’ուզէի լքել ակադեմիան, բայց Գիւմրէն Հալէպ տեղափոխուեցաւ  Հրազդան Թոքմաջեանը` դասախօսս ու յետագային ընկերս, ան դարձաւ ակադեմիայի ուսուցիչ: Ես ալ ըսի` լաւ, մէկ ամիս ալ փորձեմ, հաւանաբար աւելի հետաքրքրական հորիզոններ բացուին սորվելու համար,- կը պատմէ Վրէժը,-մէկ ամիսը դարձաւ մի քանի տարի: Առաջին հերթին իրմէ արեւելահայերէն սորվեցայ, Հայաստանի հանդէպ սէրն ու Հայաստան տեղափոխուելու ցանկութիւնը ամրապնդուեցաւ”:Նոյն Սարեան վարժարանի մէջ ալ Վրէժը կը բացայայտէ երգիծանկարչութիւնը: “Անգամ մը դասի ժամանակ դաբախօսը նկարեցի, ըսին քարիքաթուր ըրած ես, ու այդտեղ հասկցայ, որ իմ ըրածս երգիծանկար է իրականութեան մէջ:

Անկէ ետտք  ինքզինքս գտայ երգիծանկարչութեան մէջ ու զարգացուցի այդ մէկը”:Ակադեմիան աւարտելով ու սորsածը գործ դարձնելու պատրաստակամութեամբ` 1996 թ.-ին  կը մեկնի Քուէյթ` հեղինակաւոր “Opinion” թերթի մէջ  աշխատելու իբրեւ քաղաքական էջի գլխաւոր երգիծանկարիչ: Հինգ ամիս անց Քուէյթի կեանքին չյարմարելով ու մասնագիտական սկզբունքայնութեան պատճառով ձգէ աշխատանքը ու կը վերադառնայ Հալէպ` մտքի մէջ ունենալով Հայաստան տեղափոխուելու հեռանկարը:

1999թ.-ին Վրէժ Քասունին արդէն Երեւան էր, յանձնած էր Թերլեմեզեանի անուան ուսումնարանի ընդունելութեան եւ ուսումնական չորս տարուան բոլոր քննութիւններն ու կը պատրաստուէր 1-1,5 տարի ուսանիլ եւ վկայական ստանալ: “Նպատակ ունէի երկու տարի Երեւանի մէջ փորձառութիւն ձեռք բերել` անով կ’արժեւորէի հայ գեղանկարիչի անունս: Յետոյ մանկութենէս կ’երազէի շարժապատկերի մասին, մտածեցի շարժապատկերով զբաղիլ: Քիչ մը շարժապատկերով զբաղելէ ետք հասկցայ, որ ակադեմիայի մէջ շարունակել չեմ ուզեր եւ ուղղուեցայ շարժապատկեր”,- կ’ըսէ ան:Մէկ ու կէս տարի Հայաստանի մէջ ապրելէ ետք Քասունին կը մեկնի Լիբանան` աշխատելու բրիտանական հեղինակաւոր “One, Two, Three” հրատարակչատան մէջ:

Երեք ամիս անց կը գիտակցի, որ այլեւս չի դիմանար ու հայրենիք վերադառնալու ժամանակն է, գոնէ մէկ տարիով: Այդ մէկ տարին կը կրկնուի տասնհինգերորդ անգամ անընդմէջ: Յետագային, սուրիական պատերազմի թէժացման պատճառով Երեւան կը տեղափոխուին նաեւ Վրէժի ծնողները:“Մեծ բախում էր մեզի համար Հայաստան գալը, որովհետեւ սփիւռքի մէջ հայրենիք չունենալով հանդերձ` համայնքը քեզի համար Հայաստան է:

Մենք պատկանելութեան ու հողի բացակայութեան ցաւ ունեցած ենք 90 տարի, իսկ իմ պարագայիս 1820-ական թուականներէն կու գայ անիկա: Հալէպի մէջ այդ մէկը չէինք զգար, հիւրի պէս կը զգայինք մեզ, շատ հարցերու մէջ պատասխանատւութիւն չէինք վերցներ, իսկ այստեղ ուրիշ է”,- կ’ըսէ ան:Շարժապատկերի աշխարհը Երեւանի մէջ Վրէժի առջեւ կը բանայ Ռոպերթ Սահակեանցը, որ արդէն դադրած էր սորվեցնել երիտասարդներուն, սակայն Վրէժի համար բացառութիւն ըրած է: “Ըսաւ` նկարներուդ մէջ հաւասարակշշութիւն կայ, շարժում կայ, ես քեզի կը սովորեցնեմ: Վստահ էր, որ ինձմէ բան մը կը ստացուի: Ամենազաւեշտալին այն էր, որ ինքը ռուսերէն կը խօսէր, ես` հայերէն, բայց շատ յաճախ ինքը ձեռքի շարժումներով այնպէս կը բացատրէր, որ ռուսերէնը արդէն երկրորդական կը դառնար”,- կարօտով կը յիշէ Երեւանի մէջ իրականացուցած առաջին տարիները:աշխատելով ու փորձառութիւն ձեռք բերելով, շարժապատկերային ֆիլմեր ու գովազդներ նկարահանելով` Վրէժի մտքի մէջ անընդհատ կը պտտէր շարժապատկերային աշխարհի քարտէզի մէջ Հայաստանի տեղը ամրագրելու գաղափարը:

2006 թ.-ին արդէն որոշած էր` Հայաստանի մէջ պէտք է կայանայ շարժապատկերային ֆիլմերու փառատօն: Եւ 2009 թ.-ին ծնաւ առաջին անգամ կայացաւ “ռէանիմանիան”, որ արդէն ամենամեայ  տօն ու աւանդոյթ դարձած է Երեւանի մէջ: “Յիշում եմ, որ 2009-ին այդ ժամանակուան երիտասարդ մասնագէտները, որ այսօր ոլորտի մէջ արհեստավարժ աշխատողներ են, հիասթափած էին, կ’ըսէին` լաւ, յետո՞յ, ի՞նչ պիտի ընէք: Փառատօնը բոլորին ինքնավստահութիւն ու ինքնաճանաչում բերաւ”:

Վրէժի խօսքով` “Ռէանիմանիա” փառատօնը երիտասարդ մասնագէտներու համար բացած է սահմանները: Այժմ անոնք հնարաւորութիւն ունին շփուելու, աշխատել ու սորված աշխարհահռչակ մասնագէտներու հետ: Ան նաեւ կը նպաստէ շարժապատկերային աշխարհի մէջ Հայաստանի դերի ու դիրքի բարձրացման: “Ռէանիմանիան” դուրս եկած է փառատօնի սահմաններէն` դառնայ լաւ կրթական ու ճանաչողական ձեռարկ:Իսկ շարժապատկերային ոլորտը Հայաստանի մէջ այսօր ու ապագային լաւ ձեռքերու մէջ է:

Վրէժը կ’ըսէ` տաղանդաւոր երիտասարդները շատ են, որոնցմէ ինքն ալ արդէն կը սորվի. “ոլորտի մէջ այժմ այնպիսի նոր սերունդ կայ, որ մենք հիմա “կ’ամչնանք, որովհետեւ շատ աւելի լուրջ պէտք է աշխատինք` իրենք “Գազան” են”: Ոչ կը նախանիմ, ոչ կը նեղուիմ, ընդհակառակը` կ’ուրախանամ, որովհետեւ այժմ սնելու աղբիւր կայ:

Լուսանկարները` Վրէժ Քասունիի անձնական արխիւէն

Նիւթի պատմական հաւաստիութիւնը ստուգուած է 100 LIVES նախաձեռնութեան հետազօտական խումբի կողմէն:

Scroll Up