Նոր Ջուղայի Հայ կանանց գթութեան միութեան 100-ամեայ յոբելեանը
«…Հայ կինը իր բազմերես պատասխանատուութիւններով կենսական դեր կատարած է մեր համայնական կեանքին մէջ` մնալով ամրօրէն կառչած մեր հոգեւոր ու բարոյական արժէքներուն, մեր կրօնական ու ազգային աւանդութիւններուն եւ համազգային իտէալներուն ու ձգտումներուն»:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա
2015 թուականը Նոր Ջուղայի Հայ Կանանց Գթութեան Միութեան հիմնադրութեան եւ գործունէութեան 100-ամեակն է:
1915 թուականին Հ.Յ.Դ. «Հայ Կանանց Կարմիր Խաչ» անուամբ մեր ազգային ու հասարակական կեանքէն ներս ծնունդ առած եւ յետագային «Հայ Կանանց Գթութեան Միութիւն» դարձած նուիրեալ եւ գիտակից հայ կանանց այս համախմբումը, իր ծնունդով եւ ուղղութեամբ, իր գործունէութեամբ ու նպատակով աշխատեցաւ նուիրականացնել հայ կնոջ իրական կերպարն ու նկարագիրը` որպէս մայր, որպէս դաստիարակ եւ ուսուցիչ, որպէս հասարակական գործիչ, մտաւորական եւ արուեստագէտ, որպէս պաշտպան հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան եւ իրաւունքներուն:
Հայ կինը միշտ իր իւրայատուկ դերակատարութիւնը ունեցած է մեր պատմութեան խաղաղ թէ վերիվայրումներով լեցուն ժամանակներուն: Առաջին համաշխարհային պատերազմի, 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան ու հայրենազրկումի մեր պատմութեան ամենաողբերգական իրադարձութիւններուն դէմ յանդիման, անհրաժեշտ էր ամէնուր տարագրուած հայ բեկորներուն օգնութեան ձեռք հասցնել եւ անոնց չամոքուող ցաւին սպեղանի ըլլալ: Միեւնոյն թուականին հիմնադրուած Միութիւնը իր յանձնառու եւ գիտակից անդամուհիներով, հաւատարիմ իր նպատակներուն ու կոչման` բարեսիրական հսկայական գործունէութիւն ծաւալեց Նոր Ջուղայի մէջ եւ շրջակայ գաւառներուն մէջ ապաստան գտած հայ գաղթականութեան:
Յետագայ 100 տարիներուն եւս Միութիւնը առաջնորդուեցաւ եւ մինչեւ այսօր կ’առաջնորդուի իր հիմնադրութեան ակունքներուն դրուած սկզբունքներով ու գաղափարներով, միշտ առաւել նորոգուած ու այժմէականացած գործելաեղանակով:
Նոր Ջուղայի Հայ Կանանց Գթութեան Միութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը տօնախմբել, կը նշանակէ անոր հարիւրամեայ ծառայութեան արժեւորումը կատարել: Հայ Կանանց Գթութեան Միութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը նշել, կը նշանակէ մեր համազգային նպատակներու իրագործման մասնակից դարձած, հասարակական, համայնքային ու բարեսիրական կեանքին մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունեցած միութեան գործունէութիւնը արժանաւորապէս գնահատել:
Սիրելի անդամուհինե՛ր, թանկագին հայրենակիցնե՛ր,
Միութիւնը արդէն ծրագրած ու նախապատրաստուած է պատշաճօրէն նշելու իր հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանը, որուն կապակցութեամբ կ’ընդունի Ձեր ուղերձները, յօդուածներն ու յուշագրութիւնները, արխիւային նիւթերն ու լուսանկարները, որոնք կրնաք մեզի առաքել հետեւեալ ելեկտրոնային հասցէով.
E-mail: Haykinnorjugha@yahoo.com
Հայ Կանանց Գթութեան Միութեան Վարչութիւն
2 Նոյեմբեր, 2015
Նոր Ջուղա