Փասատենայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած համերգ

Փասատենայի Մարդկային յարաբերութիւններու յանձնաժողովը իր ամենամեայ 17-­րդ «Խաղաղութիւն երաժշտութեան միջոցով» համերգը կը նուիրէ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցին:

Ըստ Massis Post­-ի` Նոյեմբեր 7-­ին կայանալիք համերգին պիտի մասնակցին տարբեր արուեստագէտներ, որոնք իրենց յարգանքի տուրքը պիտի մատուցեն Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: «Բոլորը պէտք է այցելեն այս կարեւոր համերգին:

Սա հնարաւորութիւն է բոլորին համար միաւորուելու Հայոց ցեղասպանութեան 100-­րդ տարելիցի յիշատակին առջեւ եւ աջակցելու բոլոր ժողովուրդներու խաղաղութեան, ներդաշնակութեան, միութեան, մարդու իրաւունքներուն: Թող Աստուած օրհնէ Հայոց ցեղասպանութեան` դրախտի մէջ գտնուող զոհերու ոգիները»,­ նշած է ձեռնարկի կամզակերպիչ եւ յանձնաժողովի ղեկավար Նաթ Նեհտար:

Scroll Up