Խաչքարի «Ուսուցում» Աւստրալիոյ մէջ (լուսանկարներ)

Խաչքարագործ վարպետ Վարազդատ Համբարձումեան այս օրերուն կը գտնուի Աւստրալիա:
Վարպետն ու իր օգնական Գարիկ Յովհաննիսեանը Աւստրալիոյ Համազգային Թումանեան շաբաթօրեայ դպրոցի աշակերտներուն կը սորվեցնեն, թէ ինչպէս կրնան քանդակել խաչքար` Հայաստանէն բերուած հայկական տուֆ քարի վրայ: