Այս Գիշեր Հակառակորդին Կողմէ Հրադադարի Խախտումներու Աճ Նկատուած Է. ԼՂՀ ՊՆ

Նոյեմբեր 2-ին եւ լոյս 3-ի գիշերը նկատուած է հակառակորդին կողմէ հրադադարի խախտումներու աճ, կը  տեղեկացնէ ԼՂՀ ՊՆ-ն:

Նշուած ժամանակահատուածին  ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդին կողմէ հրադադարը խախտուած է շուրջ 110 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, ինչպէս նաեւ 60 մմ. ականանետէ /18 արկ/ եւ ՌՊԳ-7 տիպի նռնականետէ /6 արկ/, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 1800 կրակոց:

Պաշտպանութեան բանակի առաջապահ զօրամասերը կը տիրապետեն իրադրութեան առաջնագիծին վրայ եւ կը շարունակեն վստահօրէն իրականացնել մարտական հերթապահութիւն:

Scroll Up