Ընտրութիւններու արդիւնքները չեն գոհացներ մեզի. Թուրքիոյ մէջ ընտրուած հայ պատգամաւոր

«Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութիւնը Նոյեմբեր 1-ին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներէն գոհ չէ: NEWS.am-ի թղթակիցին հետ զրոյցին նման կարծիք յայտնեց Սթամպուլի 3-րդ ընտրատարածքին մէջ քրտական «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան ընտրացուցակին մէջ 2-րդ տեղը զբաղեցնող, ազգութեամբ հայ Կարօ (Կարապետ) Փայլան, որ կրկին պատգամաւոր  ընտրուած է:

«Մեր կուսակցութեան դէմ բողոքի ցոյցեր էին, մեր վրայ ճնշումներ կը գործադրէին: Փողոցին մէջ պայքար կար, այնուամենայնիւ, մեծ ակնկալիքներ ունէինք, որոնցմէ ոչ բոլորը արդարացան: Մենք մտանք խորհրդարան, ուր ընդդիմութիւն պիտի ըլլանք եւ պիտի պայքարինք ժողովրդավարութեան բարձրացման համար»,- ըսաւ Կարօ Փայլան:

Պատգամաւորին խօսքով` իրենք պիտի շարունակեն խաղաղութիւն քարոզել եւ պայքարիլ հէնց խաղաղութեան հաստատման համար:

Նշենք, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ 3 հայ պատգամաւոր կայ: Բացի Կարօ Փայլանէն` «ժողովրդա-հանրապետական» կուսակցութենէն պատգամաւոր  դարձած է Սելինա Տողան, իսկ «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութենէն` Մարգար Եսայեան:

Աւելի վաղ NEWS.am-ը յայտնած էր, որ Թրքական Milliyet-ի փոխանցմամբ` ընդհանուր քուէատուփերու 80 տոկոսը հաշուած են, եւ ստացուած է հետեւեալ պատկերը․

«Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւն-49,3 տոկոս,

«Ժողովրդա-հանրապետական» կուսակցութիւն-25,4 տոկոս,

«Ազգայնական շարժում» կուսակցութիւն-11,9 տոկոս,

«Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութիւն-10,9 տոկոս:

Առաջադրուած երեք հայ թեկնածուները կրկին պատգամաւոր դարձած են:

Նշենք, որ ընդդիմութիւնը առարկութիւններ   յայտնած է բացուած քուէատուփերու արդիւնքներուն հետ կապուած` շեշտելով, թէ աւելի քիչ քուէատուփեր  բացուած են, քան ներկայացուցած է ԿԸՀ-ն:

Scroll Up