Յունուար-Սեպտեմբերին Հայաստանին Տրամարդուած է 30.8 Միլիոն Տոլարի Մարդասիրական Օգնութեան
Այս տարուան Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներուն մարդասիրական օգնութեան կարգով Հայաստան ներմուծուած է 2 891.4 թոն ապրանքներ, որոնց արժէքը կազմած է 14.7 միլիառ դրամ կամ 30.8 միլիոն տոլար:
Ըստ ՀՀ ազային վիճակագրական ծառայութան, ստացուած օգնութեան 48.4 տոկոսը կազմած են քիմիայի եւ անոր հետ կապուած արդիւնաբերութեան ճիւղերու արտադրանքը, 9.4 տոկոսը` մանածագործական իրերը, 8.9 տոկոսը`սարքեր եւ գործիքներ, 7.2 տոկոսը`մեքենաներ, սարքաւորումներ, 6.2 տոկոսը`տարբեր արդիւնաբերական ապրանքները, 4.2 տոկոսը` կօշիկներ, գլխարկներ, հովանոցներ, իսկ 15.7 տոկոսը` մնացած ապրանքները:
Հաշուետու ժամանակահատուածին Հայաստանին տրամադրուած մարդասիրական օգնութեան ծաւալներու 19.1 տոկոսը բաժին ինկած է ԱՄՆ-ին, 21.1 տոկոսը` Եւրոմիութեան երկիրներուն, 0.6 տոկոսը` ԱՊՀ երկիրներուն, 29.9 տոկոսը` Աւստրալիոյ, 11.4 տոկոսը` Չինաստանին: