Կործանած ռուսական օդանաւի ազգութեամբ հայ ուղեւորը 40 տարեկան էր
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութենէն տեղեկացուցած են, որ որ Շարմ էլ Շէյխէն Ս. Փեթերսպուրկ չուերթը իրականացնող կործանած ռուսական օդանաւի ուղեւորներու ցուցակին մէջ Հայաստանի քաղաքացիներ չկան, իսկ ինչ կը վերաբերի ազգութեամբ հայերու, ապա դեռ կը ճշդեն:
Yerkir.am-ը յաջողած է պարզելու, որ կործանած օդանաւի ուղեւորներէն ազգութեամբ հայ է 40-ամեայ Լէոնիտ Մնացականովը: Ան ՌԴ քաղաքացիութիւն ունի, երկար տարիներ է, որ կը բնակի Ս. Փեթերսպուրկի մէջ:
Yerkir.am-ի հետ զրոյցին Մնացականովի մտերիմներէն Մարիա Ղուկասեան յայտնեց, որ մինչեւ հիմա ուշքի չեն եկած կատարուածէն:
Անոր խօսքով` դեռեւս յայտնի չէ` Լէոնիտը մահացած է, թէ ոչ: