Հայաստան Կ՛ողջունէ Փարակուէյի Ծերակոյտին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Փարակուէյի Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութիւնը, նախարարին յայտարարութեան մէջ ըսուած է.

«Հայաստան կ՛ողջունէ Փարակուէյի Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը: Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման շարունակական ընդլայնումը կը վկայէ, որ մարդկութեան դէմ իրականացուած յանցագործութիւնները վաղեմութեան ժամկէտ չունին, եւ Հայոց ցեղասպանութենէն նոյնիսկ հարիւր տարի անց մարդկութիւնը կը շարունակէ ճանչնալ եւ դատապարտել այդ ոճրագործութիւնը:

«Այս քայլով Փարակուէյի Ծերակոյտը կարեւոր ներդրում կատարեց ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգելման միջազգային ջանքերուն»:

Scroll Up