Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը այցելեց Սփիւռքի նախարարութիւն
Հոկտեմբեր 29-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սեյէդ Քազեմ Սաճատը:
Նախարարը շնորհաւորեց դեսպանը Հայաստանի մէջ դիւանագիտական առաքելութիւնը սկսելու կապակցութեամբ եւ նշեց, որ հայ ժողովուրդը իւրայատուկ յարգանք կը տածէ Իրանի հադէպ, որ ըլլալով Հայաստանի դարաւոր հարեւանը` անոր սատար կանգնած է բոլոր դժուար պահերուն:
«Ուրախ եմ, որ մեր երկրներն ունեն համագործակցութեան մեծ փորձ, եւ վստահ եմ, որ Ձեր ներկայութիւնն աւելի եւս կը նպաստի այդ յարաբերութիւնների զարգացմանը,- ըսաւ Հրանոյշ Յակոբեան` ընդգծելով ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի այն միտքը, թէ ԻԻՀ առաջին փոխնախագահ Էսհաղ Ճահանգիրիի այցէն յետոյ նորանշանակ դեսպանին համար աշխոյժ գործունէութեան լայն հնարաւորութիւններ ստեղծուած են:
Այնուհետեւ նախարարը դեսպան Սաճատին ծանօթացուց նախարարութեան գործունէութեան` մանրամասնօրէն կանգ առնելով իրանահայութեան հետ իրականացուած բազմաբնոյթ ծրագիրներուն վրայ:
«Մեր աշխատանքներում մենք առաջնորդւում ենք մի բանաձեւով. ճանաչել, վստահել եւ համագործակցել: Կարծում եմ, որ մեր համատեղ աշխատանքը նոյնպէս հիմնուած կը լինի այս սկզբունքի վրայ», – ըսաւ նախարարը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով Հրանոյշ Յակոբեանին ընդունելութեան եւ օգտակար տեղեկութիւններուն համար` Սեյէտ Քազեմ Սաճատին նշեց, որ խոր յարգանք ու հիացում ունի իրանահայ համայնքին եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին հանդէպ եւ մեծ պատիւ կը համարէ բարեկամ Հայաստանի մէջ դեսպանի առաքելութիւնը իրականցնելը: Ան նաեւ տեղեկացուց, որ ինք եւս արտերկիրներու մէջ գտնուող իր հայրենակիցներուն հետ աշխատելու մեծ փորձառութիւն ունի եւ խորապէս կը գնահատէ այն մարդոց, որոնք նուիրուած են հայրենիքէն հեռու ապրող հայրենակիցներուն իրենց նախնիներու երկրին եւ ազգային աւանդոյթներուն կապելու կարեւոր գործին: Այս առումով ան Սփիւռքի նախարարութեան հետ համագործակցելու մեծ պատրաստակամութիւն յայտնեց եւ վստահեցուց, որ հնարաւոր ամէն ինչ կ’ընէ Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ զարգացնելու տնտեսական, մշակութային եւ մարդկային յարաբերութիւնները:
Երկուստեք կարեւոր համարուեցաւ երկու երկիրներու ներուժը իրար առաւել ճանաչելի դարձնելու նպատակով համատեղ ծրագիրներու իրականացումը, որոնց մէջ կարելի է ներգրաւել ոչ միայն Հայաստանի եւ Իրանի ազգաբնակչութիւնը, այլեւ այլ երկիրներու մէջ ապրող հայերը եւ իրանցիները: