«Ջուղայի խաչքարերու սպանդը» խորագիրով ցուցահանդէս Պերճիգայի մէջ

Նոյեմբեր 13-ին, ժամը 19:30-ին ՊԵլճիգայի Անտուերպըն քաղաքի «Deurne» մշակութային կեդրոնին մէջ «Նուարդ» հայկական մշակութային միութիւնը կը կազմակերպէ «Ջուղայի խաչքարերու սպանդը» խորագիրով լուսանկարներու ցուցահանդէս: Այս մասին «Հայերն այսօրին» կը  տեղեկացնեն «Նուարդ» մշակութային միութենէն:

Ցուցահանդէսին նպատակն է եւս մէկ անգամ բարձրաձայնել եւ  մարդկութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ իրականացուած Ջուղայի խաչքարերու ոչնչացման եւ պայքարիլ համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան անվտանգ պահպանման համար:

 

Scroll Up