«Հայաստանի օր» Լիբանանի մէջ

Հոկտեմբեր 27-ին Լիբանանի Գասլիկ քաղաքի Սուրբ Հոգի համալսարանի (USEK)` Մերձաւոր Արեւելքի մէջ փոքրամասնութիւններու հարցերը ուսումնասիրող գիտահետազօտական կեդրոնը (RCMME)` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին Լիբանանի կեդրոնական մարմինին հետ համագործակցաբար, կազմակերպեց Հայաստանին նուիրուած գիտաժողով եւ մշակութային երեկոյ: Այս մասին կը յայտնէ ԱԳՆ-ի մամլոյ ծառայութիւն:

Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ համալսարանի հետազօտական կեդրոնի նախագահ Ժան Աքիկը: Այնուհետեւ ներկաներուն ողջոյնի խօսքով դիմեց Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Աշոտ Քոչարեան: Դեսպանը անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան ու հարուստ մշակոյթին, անկախութեան տարիներուն ընթացքին ձեռք բերուած յաջողութիւններուն, արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն: Դեսպանը ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու խորհուրդը, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան խորացման կարեւորութիւնը: Դեսպան Քոչարեան ընդգծեց լիբանանահայութեան արդիւնաւէտ դերակատարութիւնը Հայաստան-Լիբանան բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ զարգացման գործին մէջ:

Գիտաժողովի ծիրէն ներս հայոց պատմութեան եւ մշակոյթի վերաբերեալ համապարփակ զեկոյցներով հանդէս եկան Սուրբ Հոգի համալսարանի, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի եւ Ֆրանսայի Մոնպելիէ III համալսարանի դասախօսներ:

Ձեռնարկին ներկայ էին Լիբանանի մէջ Պապական նուիրակը, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի անդամները, մտաւորականներ, USEK համալսարանի դասախօսներ ու ուսանողներ: Երեկոյի մշակութային հատուածին մէջ երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան համայնքի անհատ մենակատարներն ու պարախումբերը:

Scroll Up