Դամասկոսի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Ձեռնարկ Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան Եւ ՍԴՀԿ-Ի 20 Կախաղաններու Նահատակութեան 100-րդ ՏարելիցինԱռիթով

Կիրակի, 25 հոկտեմբեր 2015-ին Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի ծիրէն ներս նշուեցաւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան (Ս.Դ.Հ.Կ.) Քսան Ռահվիրաններու յիշատակը՝ նախ Դամասկոսի Ս.Սարգիս Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Պատարագ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հնչակեան կուսակցութեան Քսան Ռահվիրաններու 100 ամեակին առիթով:
Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ պատարագ նախագահութեամբ Դամասկոսի Առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեանի, որուն հետեւեցաւ Հայ Մարմնամարզական Միութեան (ՀՄՄ) տողանցքը Դամասկոսի փողոցները:
Նշենք, թէ հնչակեան ղեկավարը Ս.Սարգիս եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ զետեղուած Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին իր յարգանքը մատուցելով ծաղկեպսակ զետեղեց:
Նոյն օրը յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին, Հայ Կաթողիկէ «Ամինեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Քսան Ռահվիրաններու յիշատակին ձեռնարկ մը ՀՄՄ-ի փողերախումբի նուագակցութեամբ:
Քսաններու Նահատակութեան ոգեկոչումի ձեռնարկին կը նախագահէր Ս.Դ.Հ.Կ.-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Տիգրանեան, որ յատուկ այդ նպատակով Երեւանէն Դամասկոս հասած էր:
Հանդիսութեան ներկայ էին հայ աւանդական երեք կուսակցութիւններու պատասխանատուները, Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան փրոֆ. դոկտ. Արշակ Փոլատեանը, ազգային-կրօնական վերնախաւի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հայրենակիցներ:
Ոգեկոչման հանդիսութեան Ս.Դ.Հ.Կ.-ի կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Տիգրանեան յատուկ պատգամ մը փոխանցեց:
Հնչակեան ղեկավարը անդրադարձ կատարած է Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման հետեւանքներուն, Հայաստանի մէջ առաջիկային կայանալիք սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէին, Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող ողբերգական գործընթացներուն եւ Մերձաւոր Արեւելքի վիճակին։
Տիգրանեան մասնաւորապէս ընդգծելով ըսաւ. «Զարմանալի չէր Թուրքիոյ ունեցած ժխտական եւ դատապարտելի դերը կապուած սուրիական հակամարտութեան հետ: Մտահոգիչ է, որ հակառակ երկար տարիներու ընթացքին տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն եւ պատմութեան տուած դասերուն Թուրքիա կը շարունակէ հանդէս գալ իբրեւ խանգարող տարր»: Հնչակեան ղեկավարը նաեւ խօսեցաւ Թուրքիոյ քաղաքական յարափոփոխ կեցուածքներուն մասին դիտել տալով, որ «Թուրքիան իր հարեւան երկրներուն դեմ գործող եւ դաւեր նիւթող երկիր է: Մէկ գիշերուան մէջ յօդս ցնդեցան անոր ներկայիս վարչապետին յայտնի «Զէրօ խնդիրներ հարեւաններու հետ» կարգախօսը, եւ Թուրքիան մտաւ տխրահռչակ խաղի մը մէջ: Երեւան եկաւ նոր ծրագիր մը, որու գլխաւոր նպատակը Սուրիան հիմնայատակ քանդելն էր». եզրակացուցած է Տիգրանեան:
Ձեռնարկին տեղի ունեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը:
Ոգեկոչման հանդիսութեան ընթացքին Ս.Դ.Հ.Կ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Յակոբ Տիգրանեանի ձեռամբ տեղի ունեցաւ պարգեւատրում ՍԴՀԿ-ի անդամներ՝ Տիար Արմենակ Օհանեանի եւ Տիար Սողոմոն Ելենեանի:

Այս մասին կը յայտնէ Perio News

ՍԴՀԿ2 ՍԴՀԿ1

Scroll Up