Վալերի Թորանեանի «Օտարականը» Գիրքին Նուիրուած Կլոր Սեղան
Գործակցութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածին, Պէյրութի «Սալոն տիւ Լիվր Ֆրանքոֆոն»-ի նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, կիրակի, 25 հոկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Պիէլի խորհրդաժողովի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «1915-2015 հարիւրամեայ պայքար» խորագիրով կլոր սեղան ֆրանսահայ գրող Վալերի Թորանեանի «Օտարականը» վէպին վերաբերող:
Բացումը կատարեց Քրիսթին Պապիկեան-Ասաֆ, որ նախ հակիրճ կերպով ծանօթացուց Վալերի Թորանեանը, որ 2002-էն 2014 թուականներուն «Էլ» պարբերաթերթի տնօրէն է եւ «Գանալ փլիւս»-ի ժամանակագրական յօդուածագիր: Ապա պատմական ակնարկով մը անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան` տրուած ըլլալով, որ վէպին հիմնական առանցքը գրողին մեծ մօր Ցեղասպանութեան փորձառութեան պատումն է: Հայոց ցեղասպանութեան համառօտ ներկայացումէն ետք, Պապիկեան-Ասաֆ ներկայացուց Թորանեանի վէպը` «Օտարականը», որուն մէջ գրողը լուսարձակի տակ կ՛առնէ իր մեծ մօր` Աղաւնիին կեանքը, ինչպէս նաեւ կը նկարագրէ ընտանեկան յարաբերութիւններու բարդութիւնները` տրուած ըլլալով, որ գրողին հայրը` Աղաւնիին միակ զաւակը, ունէր ֆրանսուհի կին է…
Վէպին երկրորդ առանցքը, ըստ Պապիկեան-Ասաֆի, ինքնութեան հարցադրումն է, որուն ճամբով Պապիկեան խօսքը փոխանցեց Վալերի Թորանեանին. «Ինչպէ՞ս կրցաք հաշտեցնել ձեր երկու ինքնութիւնները իրարու հետ, ինչպէ՞ս կրցաք հաշտուիլ ձեր կրկնակի ինքնութեան հետ»:
Թորանեան խօսք առնելով բացատրեց, որ կը փորձէր վերագտնել այն մանուկը, որ Ցեղասպանութենէն վերապրողին միակ զաւակին զաւակն էր, այն մանուկը, որ ունէր մեծ մայր մը, որ միշտ լուռ էր, կլոր դէմքով, աչքերուն վրայ ծանրացող կոպերով, այն մանուկը որ ունէր դեղին մազերով ու կապոյտ աչքերով մայր մը… Այս փոքրիկը հասակ առաւ երկու կիներուն միջեւ, մէկը միւսին «օտար», ըսաւ Թորանեան` ֆրանսերէնը մէկդի դնելով եւ բառը հայերէն արտասանելով անոր տալու համար իր ամբողջական արժէքն ու տարողութիւնը:
Վալերի Թորանեան խոստովանեցաւ, որ կ՛ուզէր նմանիլ իր մօր, որուն մէջ կը ցոլային իտէալ կնոջ յատկանիշները` ֆրանսերէնի, լատիներէնի, յունարէնի դասատու, որ իր զաւակները կը կերակրէր բնական սննդարար ուտեստեղէնով… Իսկ մեծ մայրը` իր կարգին ուսեալ կին, ծանօթ Վիքթոր Հիւկոյի նման գրողներու գործերուն, որոնք հայերէնի թարգմանուած էին, որ կը սիրէր իր թոռը ուրախացնել յատկապէս կարկանդակներով:
Մեծ մայրը կը հաստատուի գրողին հօրենական տունը, իրեն հետ բերելով իր հեռատեսիլը` Թորանեանի հօր թշնամին: Մեծ մօր եւ իր թոռներուն յարաբերութեան բանալին կը հանդիսանան հեռատեսիլը եւ խոհանոցը… Հաղորդակցութիւնը սահմանուեցաւ խոհանոցին մէջ, խօսակցութիւնը դարձաւ ուտեստեղէնի շուրջ… Մեծ մայրը ֆրանսերէն ոչ մէկ բառ գիտէր, իսկ փոքրիկ Վալերին` հայերէն: Սակայն երկուքին միջեւ ստեղծուած էր դաւակցութիւն մը, մեղսակցութիւն մը, որովհետեւ Թորանեանի մայրը եւ մեծ մայրը համամիտ չէին խոհանոցի սովորութիւններուն:
«Օտարականը» մեծ մայրս է», հաստատեց Թորանեան` շարունակելով. «Գիտէի, որ Ցեղասպանութենէն վերապրող էր, բայց չէի գիտեր, թէ ան ինչպէ՛ս ապրած էր Ցեղասպանութիւնը»: Վալերի Թորանեան նշեց, որ ապրիլ 24-ին հայրը զիրենք դպրոց չէր ուղարկեր, եւ երբ ոգեկոչման երեկոներու ներկայ կը գտնուէր, կը լսէր ցաւալի արտասանութիւնները, տխուր երգերը, եւ այս բոլորը իր վրայ թաղման արարողութեան մը տպաւորութիւնը կը ձգէին: Բայց որո՞ւ թաղումն էր, այդ թաղումը իրեն ի՞նչով կը վերաբերէր…
Երիտասարդ հասակին Թորանեան ամէն չորեքշաբթի հայկական դպրոց կ՛երթար հայերէն սորվելու համար, սակայն ի զուր: Աւելի ուշ` 1980-ական թուականներուն, երբ Ֆրանսայի մէջ հայ երիտասարդութիւնը բաւական աշխուժ էր, յատկապէս համալսարաններուն մէջ, եւ Թորանեան կ՛ուզէր անոնց հետ հաղորդակցիլ, ան ինքնաբերաբար հայերէն սորվեցաւ, որովհետեւ հաւաքոյթներու ընթացքին անոնք միայն հայերէն կը խօսէին իրարու հետ:
Այս բոլորէն ետք է, որ Թորանեան ուզեց թափանցել իր մեծ մօր լռութենէն անդին… Տակաւին փոքր, Թորանեան կ՛ենթադրէր, որ այդ լռութեան ետին կար շատ ծանր գաղտնիք մը… Հայերէն սորվելէ ետք, երբ իր մեծ մօր բերանէն կ՛ուզէր դուրս բերել խօսքերը, մեծ մայրը կ՛ուզէր զինք լռեցնել կարկանդակներով… «Անոնք, որոնք ըսելիք ունին, այդ մասին երբեք չեն խօսիր», դիտել տուաւ Թորանեան` մէջբերելով Ալպէր Քամիւյի խօսքը «Օտարականը» վէպէն: Թորանեան ընդլայնեց այս մէջբերումը` բացատրելով, որ որոշ մարդոց համար դժուար է խօսիլը, հաւանաբար որովհետեւ կը խուսափին լսողին դատողութենէն: Այսպէս` իր մեծ մայրը ինքզինք պատսպարած էր լեզուի մը մէջ, որ զինք կը պաշտպանէր:
«Երկրորդ «Օտարականը» մայրս էր», աւելցուց Թորանեան, «որովհետեւ անոր ապրելակերպը, մտածելակերպը, սովորութիւնները, նոյնիսկ տեսքը օտար էին եւ որոշ չափով անհասկնալի մեծ մօրս համար»: Սակայն երկու օտարներուն միջեւ կեանքը սկիզբը բարդոյթ ըլլալէ ետք վերածուած է հարստութեան` ինքնութեան տեսակէտէ. թէ ինք հա՞յ է, թէ՞ ֆրանսացի. Թորանեան որդեգրեց Շարլ Ազնաւուրի պատասխանը. «Հարիւր առ հարիւր հայ եւ հարիւր առ հարիւր ֆրանսացի»:
Կլոր սեղանի աւարտին առիթ տրուեցաւ ներկաներուն լուսաբանական հարցումներ ուղղելու Վալերի Թորանեանին: Ապա տեղի ունեցաւ «Օտարականը» գիրքին մակագրութիւնը:
«Օտարականը» վէպէն օրինակներ կարելի է ստանալ Համազգայինի գրախանութէն:
Այս մասին կը յայտնէ Ազդակ: