ԻՊ գրոհայինները պայթեցուցած են Փալմիրի հնագոյն սիւները
«Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման գրոհայինները Սուրիոյ Փալմիր քաղաքին մէջ ոչնչացուցած են հնագոյն երեք սիւն:
Panorama.am-ի փոխանցմամբ` այս մասին կը գրէ Կազետա.ռու կայքը: Կը յայտնեն, որ նախքան պայթեցնելը գրոհայինները սիւներուն կապած են երեք մարդու:
Աւելի առաջ հաղորդուած էր, որ ԻՊ ահաբեկիչները կը սպառնան պայթեցնել Փալմիրի հռոմէական ամֆիթատրոնը:
Յիշեցնենք, որ ԻԼԻՊ-ը Փալմիրը գրաւած է Մայիսի վերջը` մուտք գործելով քաղաքի արժէքաւոր աւերակներ: Քաղաքը ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵԿՕ-ի վտանգի տակ յայտնուած համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին վրայ: Օգոստոսին գրոհայինները աւերած էին քանի մը արժէքաւոր յուշարձաններ` հողին հաւասարեցնելով Պալ Շամին տաճարը եւ Պէլի տաճարի մէկ մասը: