«ԱՌՆՈՒԱԶՆ ԵՐԵՔ ՈՐԴԻՈՎ ՍԵՂԱՆ ՆՍՏԻՆՔ»
«ՀԱՅԵՐԸ` ԱՌԱՆՑ ԾԽԱԽՈՏԻ»
«ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԲՈԼՈՐ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔՆ Է, ԵԿԷ՛Ք ՀԶՕՐԱՑՆԵՆՔ ԶԱՅՆ»
«ՀԱՅ Է ԱՆ, ՈՎ ԻՆՔԶԻՆՔ ՀԱՅ ԿԸ ԶԳԱՅ»
«ՀԱՅԸ ԻՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ԾԱՌԱՅԵԼԷՆ ԲԱՑԻ ՊԷՏՔ Է ՆԱԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ Մէջ ՇԱՀ ՍՏԱՆԱՅ»
«ԴԱՐՁԻ՛Ր ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԺԱՌԱՆԳՈՐԴԸ, ՏԷՐՆ ՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆԸ ԱՄԵՆՈՒՐԵՔ»
«ՔՈՒ ՏԱՂԱՆԴԷԴ, ՇՆՈՐՀՆԵՐԷԴ ԱՓ ՄԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈ՛ՒՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻԴ»
«ՏԱՆ ՄԷՋ ԽՕՍԻ՛ՆՔ ՀԱՅԵՐԷՆ»
«ԱՌՆՎԱԶՆ 3 ՏԱՐԻՆ ՄԷԿ ԱՆԳԱՄ ՀԱՆԳՍՏԱՑԻ՛Ր ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ Մէջ»
«ԳԾԷ՛ ՏՈՀՄԱԾԱՌԴ»
«ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՒՆ, ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ»
«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՈՒՆԸ ԵՒ «ԵԱՆ»-Ը ՔՈՒ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԴ Է ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ»
«ԴՐԱՄԱԿԱՆ ՀԱՇԻՒ ՈՒՆԵՑԻՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՄԷՋ
«ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՐ ՀԱՅ ՊԷՏՔ Է ՏԵՍՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ»
«ԿԱՆՔ, ՊԻՏԻ ԼԻՆԵՆՔ ՈՒ ԴԵՌ ՇԱՏԱՆԱՆՔ» Պ. ՍԵՒԱԿ
«ՈՎ ՀԱՅ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ, ՔՈ ՄԻԱԿ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ՔՈ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԻ ՄԷՋ Է» Ե. ՉԱՐԵՆՑ

Տինքի սպանութեան գործով մեղադրուող թուրք պաշտօնեաներուն 20 տարիէն մինչեւ ցմահ ազատազրկում կը սպառնայ

Պոլսահայ նշանաւոր լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութեան մասին տեղեակ եղած եւ այն չկանխած թուրք պետական ծառայողներու գործով քննութեան ընթացքին դատախազ Կեոքալփ Քեոքչուի կողմէ պատրաստուած մեղադրական եզրակացութիւնը ներկայացուած է Սթամպուլի գլխաւոր դատախազութիւն, ըստ Tert.am-ի` կը տեղեկացնէ «Ակօս»-ը:

Մեղադրական եզրակացութեան մէջ Տրապիզոնի ոստիկանութեան հետախուզութեան նախկին պետ Էնգին Տինչի, սպանութեան ժամանակաշրջանին Տրապիզոնի ոստիկանապետ Ռեշէթ Ալթայի եւ այդ ժամանակահատուածին Սթամպուլի ոստիկանութեան հետախուզութեան բաժինի պետ Ահմեթ Իլհան Կիւլերի նկատմամբ կանխամտածուած սպանութեան աջակցութիւն ցուցաբերելու մեղադրանքով 20-25 տարուան ազատազրկում կը պահանջուի:

Ոստիկանութեան հետախուզութեան բաժինի պետ Ռամազան Աքիւրեքի, բաժինի պետ Ալի Ֆուաթ Եըլմազերի համար դատախազը ցմահ ազատազրկում կը պահանջէ:

Սպանութեան տարուան Սթամպուլի ոստիկանապետ Ճերահեթթին Ճերրահը ու Հետախուզութեան պետ Սապրի Ուզուն դատարանի առջեւ կը կանգնին պաշտօնական դիրքի չարաշահման մեղադրանքով:

Մեղադրական եզրակացութեան մէջ Ռամազան Աքիւրեքի, Ալի Ֆուաթ Եըլմազերի, Էնգին Տինչի, Ահմեթ Իլհան Կիւլերի, Ռեշաթ Ալթայի հետ միասին ընդհանուր առմամբ 25 պաշտօնեաներու դատելու պահանջ կը ներկայացուի:

Տինք սպաննուած է 2007 թուականի Յունուար 19-ին:

Scroll Up