Պաղտատի մէջ վերապրողներու ժառանգորդները կը ներկայացնեն «Հայկական Մշակութային ժառանգութիւններ»-ը

Հովանաւորութեամբ գերաշնորհ Տ. Աւագ Արք. Ասատուրեանի, նախաձեռնութեամբ` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի Իրաքի կեդրոնական յանձնախումբին, կազմակերպութեամբ` Իրաքի Հայ Տիկնանց Մշակութեային Միութեան, Հոկտեմբեր 17-ին տեղի ունեցած է «Հայկական Մշակութային ժառանգութիւններ» ձեռնարկը, Պաղտատի ՀՄԸՄ-ի սրահէն ներս:

Ինչպէս սփիւռքի բոլոր գաղթօճախները, այնպէս ալ Իրաքի հայ գաղութը կը շարունակէ 100-րդ տարելիցը նշել յատուկ ձեռնարկներով:  Իրաքի ներկայ պայմաններուն մէջ տակաւին կը շարունակեն կազմակերպել իւրայատուկ ձեռնարկներ, գրական-գեղարուեստական երեկոներ: Վերջին տարիներուն զգալիօրէն նօսրացած այս գաղութին մէջ  կը յայտնուի երիտասարդ տաղանդաւոր, նուիրուած սերունդ մը, որ կը շարունակէ հայապահպանման առաքելութիւնը միջագետքի այս հիւրրընկալ հողին վրայ:

Ձեռնարկին մասին անդրադարձած է  իրաքեան   «WEST NEWS AGENCY» կայքէջը, յօդուածին մէջ գրուած է, որ հայ ժողովուրդը ողջ աշխարհի մէջ բարձրացուցած է «Կը յիշենք եւ կը պահանջենք » կագախօսը, երկու բառ, սակայն մեծ նշանակութիւն ունին հայերու յիշողութեան մէջ, 20-րդ դարու օսմանեան կայսրութեան ժամանակ կատարուած ցեղասպանութիւնը, աւելցնելով որ, հայերը գրական երեկոներ կազմակերպելով կը պահպանեն իրենց հայկական ինքնութիւնը:

Կայքը անդրադարձած է նաեւ, Իրաքի Հայ Տիկնանց Մշակութային Միութեան ազգանուէր գործունէութան հիմնադրութեան օրէն` 1961թ.էն մինչ օրս:

Սօսի Աւագեան

ԲաղդադԲաղդադ2 Բաղդադ3Բաղդադ4 Բաղդադ5 Բաղդադ6

Scroll Up