Համանախագահները կը հատեն շփման գիծը

ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները այսօր Հայաստանի մէջ են եւ պիտի հանդիպին ՀՀ նախագահին, արտաքին գործոց նախարարին հետ, իսկ վաղը պիտի մեկնին Լեռնային Ղարաբաղ: Այս մասին ըստ Panorama.am-ի` լրագրողներուն հետ հանդիպման յայտարարեց ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք:

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ հանդիպումներէն յետոյ անոնք կը հատեն շփման գիծը եւ կը մեկնին Ատրպէյճան: Քննարկուող հարցերու շրջանը եւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ, անոր խօսքով, շատ են: Անոնք պիտի քննարկեն հրադադարի խախտան դէպքերը, բռնութիւններու աճը սահմանին եւ ծանր զէնքի օգտագործման հարցը:

«Ծանր զէնքի օգտագործումը սահմանին կը յանգեցնէ լարուածութեան մեծացման, իսկ մեր խնդիրն այն է, որ լարուածութիւնը նուազի»,- ըսաւ Ճ. Ուորլիք:

 

Scroll Up