Գերմանիոյ Մէջ Ընդդէմ Փախստականներու Ցոյց Իրականացած է

Գերմանիոյ Քէոլն քաղաքին մէջ իրականացած է բողոքի ցոյց, որուն ընթացքին աքթիւիստները Պահանջած են չընդունիլ հազարաւոր փախստականներ:

Ըստ Tert.am-ի` գերմանական ոստիկանութիւնը ցուցարարներուն դէմ կիրառած է ջրցան մեքենաներ: Աջակողմեան աքթիւիստներու դէմ իրենց ցոյցը իրականացուցած են ձախակողմեան շարժման եւ հակաֆաշիստներու ներկայացուցիչները:

Փախստականներու հոսքին դէմ ցոյցը կազմակերպած է «խուլիկանները ընդդէմ սալաֆիականներ»-ուն շարժումը, որ բաղկացած է ֆութպոլի սիրահարներէ եւ աջակողմեան քաղաքական շարժումներու անդամներէ:

Զանգուածային ցոյցերուն ընթացքին բախումներ եղած են տարբեր քաղաքական շարժումներու անդամներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ:

Ոստիկանութիւնը ջրցաններ եւ արցունքաբեր կազ կիրառած է, երբ մօտ 150 հակաֆաշիստներ եւ անարխիստներ սկսած են յարձակում գործել ոստիկանութեան վրայ:

Scroll Up