Թուրքիոյ մէջ երգիչ մը, քրտերէն երգեր երգելուն համար, սպաննուած է բեմին վրայ

Թուրքիոյ մէջ Սէլիմ Սերհատ անունով երիտասարդ երգիչը, որ յայտնի է քրտերէն երգերու կատարմամբ, դաժանօրէն սպաննուած է: Դէպքը տեղի ունեցած է Սթամպուլի Աւճլար թաղամասի ակումբներէն մէկուն մէջ, կը յայտնէ ermenihaber.am-ը:
Ըստ թրքական «Sondakika» լրատուական կայքի` այս մասին յայտնած է երգիչին ընկերը` Օնուր Աքայը: Ան պատմած է, որ Սերհատին սպաննած են քրտերէն երգելուն համար` հէնց բեմին վրայ: Անյայտ անձիք յարձակած ու դանակի մահացու հարուածներ հասցուցած են երգիչին:
Սէլիմ Սերհատ 3 երեխաներու հայր էր: Յատկապէս յայտնի էր խաղաղութեան մասին իր երգերով: