ՀԵԸ-Անդրանիկ Փողերախումբը՝ Աւանդութեան Մը Վահանակիրը

ՀԵԸնկերակցութեան փողերախումբեր սկսած են գործել միութեան ծննդեան օրերէն՝  1930-ականներէն:Մեծ Եղեռնէն ճողոպրած հայ պատանիներ, որբանոցներու համեստ պայմաններու տակ կազմած էին տարբեր տարողութեամբ զանազան  փողերախումբեր: Այդ պատանիներէն շատեր, յարելով Հ.Ե.Ը.-ի ազգային  կարգախօսներուն, դարձան  անոր  փողերախումբին ողնասիւնը:  Փողերախումբը միշտ եղած է Հայ Երիտասարդաց  Ընկերակցութեան հրապարակային ձեռնարկներուն փայլքը:

 ՀԵԸ-ի փողերախումբը 1950- 1960-ականներուն, թեթեւ տեղատուութիւն մը ապրելով, վերաշխուժացաւ 80-ական թուականներուն:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը ամբողջութեամբ անդամալուծեց  երկրին   ընկերային, մարզական,մշակութային առօրեան:

Տարիներ շարունակ յաճախ խօսուած  է  փողերախումբը վերականգնելու մասին, սակայն գործնապէս, 1982-ին՝ Հ.Ե.Ը.-ի Կեդրոնական Վարչութեան  հաւանութեամբ կազմուած  Սկաուտական Խորհուրդը, վերարժեւորելով  միութենական միջոցառումներուն ընթացքին  փողերախումբին ոգեւորիչ դերակատարութիւնը, որոշեց վերականգնել փողերախումբը: Ոչ ոք կը կասկածէր  փողերախումբին առթող ուրախ մթնոլորտին եւ խանդավառութեան:

Հետագայ տարիները ապացուցեցին այդ համոզումին ճշմարտացիութիւնը:

 Սկաուտական Խուրհուդի ատենապետ  եղբայր Գէորգ Սանթուրեան,, անդամներ՝ Վիգէն Չերչեան, Կարօ Գալինճեան, Խորհուրդի  մնացեալ անդամներուն միասնական ջանքերով որոշեցին իրականութեան վերածել այս լուրջ մարտահրաւէրը:

  Սկաուտական Խորհուրդի  նախկին անդամներուն վկայութեամբ, փողերախումբի   կազմակերպչական առաջին լուրջ  քայլերը առած է Կարօ  Գալինճեանը: Երաժշտական  գիտելիքներու տիրապետելով, ծանօթ ըլլալով երաժշտական գործիքներու «այբուբեն»ին, Կարօ Գալինճեան  անգնահատելի  ներդրում ունեցած է  փողերախումբի կազմաւորման  նախաքայլերուն մէջ՝ որակեալ  փողերախումբի վարկ ապահովելու  նախանձախնդրութեամբ: Գրեթէ ամենօրեայ յաճախականութեամբ, հետեւողականօրէն  հետապնդած է փողերախումբին փորձերը, կտորներու ձեւաւորումը եւ ընտրութիւնը,գործիքներու դասաւորումը:

Սկաուտական Խորհուրդին առջեւ ցցուած էր պիւտճէական հարց: Անշուշտ, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը պիտի հայթայթէր սոյն յանդուգն ծրագիրին նիւթական միջոցները: Սկաուտական Խորհուրդին անհրաժեշտ էր  մօտաւորապէս 30 հազար  լիբանանեան ոսկի գումար մը: Բաւական մեծ գումար մը, երբ նկատի ունենանք, որ լիբանանեան  թղթոսկին տակաւին  կը պահէր  տոլարի դէմ իր արժէքը (ութսունական թուականներու սկիզբը):

Հակառակ  Լիբանանի բոլորած  ապահովական եւ  տնտեսական  ծանր պայմաններուն, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը, գնահատելով Սկաուտական Խորհուրդի անդամներուն շինիչ քայլը, սատար հանդիսացաւ այս վիթխարի նախաձեռնութեան: Անուրանալի էր նաեւ  նուիրեալ  միութենականներու  նիւթաբարոյական մասնակցութիւնը փողերախումբի վերակազմութեան աշխատանքներուն:

Փողերախումբին  անդամները մեծամասնութեամբ սկսնակներ ըլլալով, կը կարօտէին յաւելեալ փորձերու: Լուրջ աշխատանք մը ծաւալած էր ամէնուրեք: Ժամանակի ընթացքին, կազմին  անդամները  դարձան փորձառու նուագողներ: Սկաուտական Վարչութիւնը  կը  գործէր  քաղաքացիական պատերազմի արհաւիրքին տակ …: Ապահովական կացութիւնը  վտանգաւոր  ըլլալով հանդերձ, ՀԵԸ-ի սկաուտական  գործունէութիւնը կ’ընդլայնէր երեք  շրջաններու  մէջ՝ Ալեք Մանուկեան  Կեդրոն, Անդրանիկ Սեւան եւ յատկապէս՝ Անդրանիկ Անթիլիաս:  Փողերախումբին  փորձերը  կը շարունակուէին, Արեւմտեան Պէյրութի՝ ՀԲԸՄ-ի Ալեք Մանուկեան կեդրոնի,  Արեւելեան Պէյրութի՝ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  Զապէլ Մովսէսեան  Կեդրոնի, մերթ՝ ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Կարմիրեան վարժարանին մէջ:

Յարատեւ եւ հետեւողական աշխատանք: Հասած էր ժամանակը, ուր  ՀԵԸ փողերախումբը, իր  ինքատիպ ելոյթներով, կը փնտռուէր իբրեւ սկաուտական հանդիսութիւններու անփոխարինելի ներկայութիւնը: Միութենական հրապարակային  ձեռնարկներու մեծամասնութիւնը տեղի կ’ունենային Հ.Ե.Ը.-ի փողերախումբին  մասնակցութեամբ:  Փողերախումբի անդամներուն թիւը անցած էր  երեսունը:

Ներքին՝ լիբանանեան,միութենական խանդավառութեան արձագանգը  հասած էր Սփիւռքի հեռաւոր ափերը:

1986-ին, Լոս Անճելըսի մէջ տեղի պիտի ունենային ՀԲԸՄ-ի 5-րդ Մարզական Ընդհանուր Խաղերը: Նորաստեղծ փողերախումբին համբաւը  դուրս գալով Լիբանանի սահմաններէն, հասած էր ՄիացեալՆահանգներ եւ այլուր:

ՀԵԸ-ի երկարամեայ ատենապետ Տոքթ. Միհրան Սիմոնեան ականատես  դառնալով   Լիբանանի փողերախումբի խանդավառ ելոյթին, Միացեալ Նահանգներ  վերադառնալէ ետք, իր տպաւորութիւնները փոխանցած էր ՀԲԸՄ-ի ցկեանս  նախագահ Տիար Ալեք  Մանուկեանին: Շնորհիւ ՀԲԸՄ-ի ցկեանս  նախագահ Ալեք Մանուկեանի անձնական նուիրատուութեան եւ անմիջական  ցանկութեան, ՀԵԸ-ի փողերախումբը  հրաւէր ստացաւ մասնակցելու ՀԲԸՄ-ի 5-րդ Մարզական Ընդհանուր Խաղերուն: Հրաւէրը  բացառիկ  ուրախութիւն  եւ խանդավառութիւն ստեղծեց    փողերախումբի անդամներուն  մօտ:  Մինչ այդ,  փողերախումբի անդամներուն թիւը կը հաշուէր 42:

Սակայն, Լիբանանի ապահովական  ծանր պայմանները գրեթէ անհնար կը  դարձնէին  փողերախումբին ճամբորդութիւնը: Պէտք է խոստովանիլ, որ ճամբորդութեան ոդիսականը   իրականացաւ շնորհիւ  Հ.Ե.Ը.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Կարպիս Մարգարեանի վճռակամութեան: Բազմատեսակ դժուարութիւններ…: Պէյրութի միջազգային  օդակայանը փակ ըլլալու կողքին, ու՞րտեղէն ձեռք բերել մուտքի անցագիր, երբ փակ կը մնար   Լիբանանի մօտ Մ. Նահանգներու դեսպանատունը:

Ի վերջոյ, շնորհիւ բազում միջնորդութիւններու եւ յաղթահարելով այլեւայլ  դժուարութիւններ, ՀԵԸ-ի փողերախումբը, Գէորգ Սանթուրեանի  գլխաւորութեամբ՝ Դամասկոս, Ամման ճանապարհով մեկնեցաւ Լոս Անճելըս: ՀԵԸ-ի փողերախումբը  արժանավայել ընդունելութեան արժանացաւ Լոս Անճելըսի մէջ:  Քոյր  միութեան պատասխանատուները, Լոս Անճելըսի մէջ արտակարգ  սիրալիր եւ  հոգատար  վերաբերմունք ցոյց տուին  փողերախումբի անդամ-անդամուհիներու կեցութեան տասներեք օրերուն ընթացքին:

Հիւրընկալող  ՀԵԸ-ականները, փողերախումբին կատարողականութիւնը  գնահատելով, զայն հրաւիրեցին  նուագելու  բացման  հանդիսութեան, ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄ-ի նախագահ տիար Ալեք Մանուկեանի  ժամանման առիթով հանդիսաւոր ընդունելութեան: Պատերազմէն   դուրս եկած  խումբ մը տղաք եւ աղջիկներ  փառատօնի եւ ցնծութեան վերածեցին   մարզախաղերու մթնոլորտը…:

Ականատեսներ կը  վկայեն՝  փողերախումբին  կատարողականութիւնը արցունքներ խլած է տիար  ՀԲԸՄ-ի  ցկեանս նախագահ Ալեք Մանուկեանի  աչքերէն…:

ՀԵԸ-ի փողերախումբը  շռնթալից մասնակցութիւն մը  ունեցաւ  ՀԲԸՄ մարզական  5-րդ Ընդհանուր Խաղերուն: Տողանցքներու կողքին, ՀԵԸ-ի փողերախումբը   դարձաւ տարբեր  հանդիսութիւններու  խանդավառութեան  մղիչ  ուժը:  Այս առիթով, ընդառաջելով կազմակերպիչներու փափաքին, մեր փողերախումբը յատուկ՝ մէկ ժամ տեւողութեամբ յայտագիր մը ներկայացուց ՀԲԸՄ Մարզական  5-րդ Խաղերուն ընթացքին, իր հարուստ նուագացանկէն:

Պատմական այցելութիւն մը Լոս Անճելըս:

ՀԵԸ-ի փողերախումբը  լայն գովասանքներու արժանացաւ Լոս Անճելըսի  մէջ: Յաղթական  ելոյթները  աւարտելէ ետք, վառ  յիշատակներով վերադարձաւ Լիբանան:

Փողերախումբին  գեղարուեստական ղեկավարը Սարգիս Թոփալեանն էր:

Անցան տարիներ: Ժամանակը  թելադրեց իր պայմանները: Տեղի ունեցան փոփոխութիւններ: Նորեր եկան փոխարինելու  փողերախումբի հին անդամները, երաժշտութեան ուսուցիչները: Սակայն, ՀԵԸ-ի փողերախումբը  մնաց իր առաքելութեան վրայ: Համալիբանանեան  տարողութեամբ  հանդիսութիւններու, փառատօներու հրաւէրները կը կազմէին ՀԵԸ-ի փողերախումբի առօրեային անբաժան մասը:

Այդ շրջանին, փողերախումբի պատասխանատուն էր  ՀԵԸ Անթիլիասի Գործադիրի  անդամներէն Շանթ Օհանեանը, որմէ ետք, որոշ  ժամանակաշրջանի մը համար  Յարութ Թիւթիւնճեանը ստանձնեց խումբին պատասխանատուութիւնը:

1995-96-ին,  Հ.Բ.Ը.Մ.-ի  Տեմիրճեան Կեդրոնի  բացումը նոր եռանդ եւ ոգեւորութիւն տուաւ փողերախումբի գործունէութեան: Փողերախումբի փորձերուն կեդրոնավայրը ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Կարմիրեան վարժարանէն փոխադրուեցաւ Տեմիրճեան կեդրոն:

Քանի մը  տարի ետք՝ 2000-ին, ՀԵԸ-ի փողերախումբը հրաւէր ստացաւ մասնակցելու   Արժանթինի մէջ նախատեսուած ՀԲԸՄ-ի Ընդհանուր Մարզական Խաղերուն:  Փողերախումբը, Հ.Ե.Ը.-ի Գործադիր  Վարչութեան անդամներու  ընկերակցութեամբ մեկնեցաւ հարաւային Ամերիկա: Փողերախումբը իր փայլուն ելոյթներով, անգամ մը եւս խլեց մասնակիցներուն եւ հանդիսատեսներուն բուռն  ծափերը, նպաստելով մարզախաղերու  յաջողութեան:

  2  Նոյեմբեր  2014-ին,  ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ, « Falling Notes»  խորագիրը կրող  նուագահանդէսով, աւելի քան վեց հարիւր  հաշուող հոծ բազմութեան ներկայութեան հանդիսաւորապէս   նշուեցաւ ՀԵԸ-ի փողերախումբի վերակազմութեան երեսնամեակը: Փողերախումբը  ներկայացուց  հայկական,արաբական եւ արեւմտեան եղանակներ,ճազային երաժշտութիւն, թնդացնելով  սրահը,արժանանալով ներկաներու բուռն  ծափահարութեան: Այս առիթով  յատուկ գնահատանքի արժանացան փողերախումբի կազմութեան աշխատանքներուն մասնակից միութենականներ եւ խմբավարներ:

ՀԵԸ փողերախումբը Սեպտեմբեր 2015-ին,  31 անդամ-անդամուհիներէ բաղկացած Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.   փողերախումբը,  Հ.Ե.Ը.Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ Հ.Ե.Ը. Անդրանիկ Անթիլիասի Գործադիր Մարմինի ատենապետ  եղբայր Վաչէ Աւետիքեանի գլխաւորութեամբ տասնօրեայ այցելութեամբ  մեկնեցաւ Հայաստան:Փողերախումբի անդամներուն համար  հայրենիք  այցելութիւնը լաւագոյն պատեհութիւնն էր   ծանօթանալու մեր ժողովուրդի  պատմամշակութային  կոթողներուն: այցելութիւնը  հայրենի  ժողովուրդին ընձեռեց Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.  փողերախումբին բարձր կատարողականութեան ծանօթանալու պատեհութիւնը:

 Մեր փողերախումբը, Հայսաստանի եւ Հ.Ե.Ը.-ի դրօշները բարձրացուցած տողանցեց   Հիւսիսային Պողոտայէն դէպի Օփերա,ինչպէս նաեւ ելոյթ ունեցաւ Սուրբ Էջմիածնի եւ ՀԲԸՄ-ի  հովանաւորութիւնը վայելող Հայորդաց Տան մէջ:

  ՀԵԸ փողերախումբը, թէպէտ՝ սիրողական,սակայն կը դասուի Լիբանանի լաւագոյն սկաուտական փողերախումբերու շարքին յարգուած  միաւոր մը: ՀԵԸ-ի փողերախումբը  մնայուն  ներկայութիւն մը  դարձած է գաղութահայ եւ համալիբանանեան  տարողութեամբ   հանդիսութիւններուն:Վկայ՝ տասնամեակներու վրայ երկարող Հայոց Ցեղասպանութեան   յիշատակի  ոգեկոչման հանդիսութիւններուն անոր մասնակցութիւնը, տպաւորիչ  կատարումները,  պերճաշուք ելոյթները:

ԱՆդրամիկ4Անդրանիկ1 Անդրանիկ2 Անդրանիկ3

Scroll Up