Հայաստանի մէջ վերականգնուած եկեղեցին՝ օրինակ Նոր Զելանտայի համար

Նոր Զելանտացին Հայաստան այցելած է` համոզուելու, որ աւերակ դարձած տաճարները վերականգնելը անհրաժեշտ է, կը գրէ News.am-ը:

Ջեֆրի Ռաթբունը Քրայսթչերչի անգլիկան Մայր տաճարը վերականգնելու կոչով հանդէս եկող քաղաքացին է: Եկեղեցին քանդուած է 2011 թուականին, երկրաշարժի հետեւանքով:

Ըստ 3news.co.nz-ի, Ռաթբունը Գիւմրիի մէջ իր աչքերով տեսած է աւելի քան 27 տարի առաջ  աւերակ դարձած եկեղեցին, որուն վերանորոգումը աւարտին կը մօտենայ:

“Քաղաքի բնակիչները նոյնքան կապուած են այդ եկեղեցիին, որքան մենք: Եկեղեցին կ’ուզէր զայն վերականգնել, հակառակ անոր որ բաւականաչափ միջոցներ չունէր: Բայց անոնք լի էին գումար գտնելու եւ շինարարութիւնը սկսելու վճռականութեամբ”,- կ’ըսէ Ռաթբուն:

Ան Հայաստանէն իր եպիսկոպոսի եւ քաղաքապետի նամակները տարած է Նոր Զելանտա, ուր աջակցութիւն կը յայտնեն Մայր տաճարի վերականգնման: Քաղաքացին նամակները պիտի ներկայացնէ Քրայսթչերչի քաղաքապետին եւ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն:

Scroll Up